շատ ճշտութիւն կը պահԷ իւր պաշտօնին մէջ. օրինակի համար եթէ պատիւ ունենաս օր մը իրեն ներկայանալու . ..դատով նախ եւ առաջ բեղի պիտի ըսէ.
Նախ՝ աս կողմը անցիր:
Երկրորդ՝ շիտակ կայնէ:
Երրորդ՝ գլուխդ վեր բռնէ:
Չորրորդ՝ ձեռքդ վար առ.:
Եւ դուն այս հրամանները լսելով անշուշտ պիտի կարծես թէ դերձակի մր առջեւ կը գտնվիս որ չափդ պիտի առնէ. բայց կր սխալիս, դատաւորի մր առջեւն ես. ել ո'ր ժողովին մէջ որ մտնես, այդ հրամանները պիտի կատարես:
Տիգրան էֆէնտին այնչափ կը փափաքի ազգին ծառայութիւն ընել որ հարիւր հոգւոյ գլուխ հանելիք գործը մինակը կ՛ուղէ կատարել: Սուտ չեմ խօսիր': Գնա օր մը իրեն ըսէ.
—էֆէնտի' , թաղիս մէջ կ'ուզենք բարեգործական ընկերութիւն մը կազմել:
—Վսեմ գաղափար:
—Կը փափաքինք որ հրամանքնիդ ալ ատենապետ ըլլաք:
—Սիրով կ'րնդունիմ:
Այս պատասխանը առնելէդ ետքը դուրս ելիր սենեակէն եւ դրան քովը կեցի՝ր:
Ահա ուրիշ մր կը մտնէ.
—էֆէնտի, որոշեցինք վարժարաններու նպաստելու համար ընկերութիւն մր հաստատել:
—Շատ ազգօգուտ ձեռնարկութիւն:
—Արդեօք կ՚ընդունէի՞ք...
—Ատենապետութիւնը... սիրով կ՛ըն...
—Կ՚ընդունէի՞ք տասը բաժին...
—Ընկալագիրն ամիսէ մը ղրկէ:
Սենեակէն դուրս ելած ատենք ասոր ձեռքէն քաշէ եւ քովդ կայնեցո՛ւր:
Երրորդ մը կր մտնէ.
—Բարեւ էֆէնտի: