Այս էջը հաստատված է
առատաձեռն ըլլալու թերութիւնն ունի եւ այս իսկ Էր իւր նաւուն ղէկը վարողը:
Եթէ կ'ուզէ ոք ճանաչել այս մարդը փողոցէ մէջ՝ թող աչացն առջեւ բերէ այն մարդուն քալելն որ տասնըհինգ տարիէ ի վեր բացակայ գտնուող եղբօրը գալը կ՛իմանայ յանկարծ եւ զայն տեսնելու համար տանը ճանբան կը բռնէ: Այսչափը հերէք չէ, պիտի ըսես. պէտք է որ դէմքին վրայ տեղեկութիւն ունենամ: Շատ լաւ: Պզտիկութեան ժամանակ հիւրի մը խահվէ տուած ատենդ չէ՞ հանդիպած երբէք որ խահուէին գաւաթը դիպուածով իյնայ եւ խահուէն ալ հիւրին վրայ թափվի.—Քանէ մը անգամ հանդիպած է —Այն ժամուն հայրդ բարկութեամբ ծուռ ծուռ երեսդ չէ՞ նայած. —Նայած է.—Ահա այն ժամուն ինչ դէմք որ ունեցար դուն նոյնն ունի այսօր Յովհաննէս էֆէնտի Միւհէնտիսեան: