Այս առարկութեան վրայ Նորին Սրբազնութիւնը կը մարի եւ ամբոխը կը ցրուի։
1869ին Պատրիարք պիտի ըլլար, բայց Խորէն արքեպիսկոպոս Լուսինեան, այն ատեն Գալֆայեան, քանի մը կրօնաւորներ համոզելով անոնցմէ ստորագրութիւն առած ու Էջմիածին հեռագրած էր որ Սսոյ եպիսկոպոս մը Պատրիարքական աթոռին ընտրելի կը ներկայացվի։ Խորէն արքեպիսկոպոսին այս հեռագիրն երեւան կ՚ելնէ ու շատ մը վիճաբանութիւններու տեղի տալէ ետեւ վերջապէս Խրիմեան կ'ընտրվի Պատրիարք, թէպէտ եւ միւս կողմէն Վարժապետեանն ալ կը յայտնէր թէ ինք սահմանադրութեան պահանջած տարիքն չունէր Պատրիարքական աթոռին վրայ բազմելու համար եւ կերպով մը, իւր հայրը կ՚ամբաստանէր իբրեւ միակ պատճառ որով ազգը կը զրկվէր այն թուականին Վարժապետեանն իրեն Պատրիարք ունենալէ:
1868ին երրորդ անգամ Կրօնական ժողովոյ ատենապետութեան կոչվեցաւ, եւ այս բաւական է ցոյց տալ թէ Նորին Սրբազնութիւնն որչափ խոհականութեամբ կը վարէր այս պաշտօնը:
1870ին Նիկոմիդիոյ վիճակին առաջնորդ ընտրվեցաւ եւ առանց դիտողութիւն ընելու, ընդունեց այս պաշտօնն եւ գնաց հովուել զինքը հրաւիրող ժողովուրդը: Շատ մը առաջնորդներ եթէ տեղ մը երթան կ՚աշխատին հոն գտնուած վարժարանները գոցել կամ եկեղեցւոյ բակը աւազաններ շինել տալով վարժարաններու հասոյթը ծառերու եւ ծաղիկներու յատկացնել: Նորին Սրբազնութիւնն Իրեն պաշտօնատեղին երթալուն պէս ամեն տեղ վարժարաններ բանալու ետեւէ եղաւ․ ժողովրդեան վրայ ծանրացած տուրքէն երկու հարիւր հազար դահեկան զեղջել տուաւ ՄաՀմուտ Նէտիմ Բաշայի օրով, եւ այս անձնանուէր աշխատութեամբն իւր ժողովրդեան ոչ միայն սիրոյն այլ նաեւ երախտագիտութեանն ալ արժանացաւ: Շատ կրօնաւորներ հովիւ քաջ դնէ զանձն իւր ի վերայ ոչխարաց իւրոցը սխալ հասկնալով կ՚ելնեն իրենց