Այս էջը սրբագրված է
շատ չեմ սիրեր ես: Դամբանականի մասին մեր կարիծքն ուրիշի մը կենսագրութեան մէջ գրած ենք եւ հոս նորէն կրկնելու հարկ չենք տեսներ:
նորին Սրբազնութեան խօսակցութիւնն անուշ է եւ իրեն ներկայացողներուն համակրութիւնը կը գրաւէ: Խիստ խոնարհ է եւ ուրիշին բարիք ընելու համար չքաշվիր օրը հազար յանձնարարական գրելու եւ կամ բերնով մէկն ուրիշի յանձնարարելու: Իր սենեակին մէջ միշտ անկիւնը կը նստի իր առջեւը ունենալով փոքրիկ արկղ մը որուն մէջ ժամանակաւ Պատրիարքներն ոսկի կր դնէին եւ ուր Նորին Սրբազնութիւնը դիւանագիտական թուղթեր կը պահէ զորս երբեմն կը հանէ կը կարդայ եւ կը մխիթարվի:
Ամենապատիւ Ներսէս Պատրիարք վայելուչ եւ գեղեցիկ մարդ մ՚է: Իւր դէմքը տեսնողն կը կարծէ տեսնել Բենիամինն որ կէս ճամրէն ետ կը դառնայ Եգիպտոս երթալու եւ իր անմեղութիւնն յայտնելու համար: