—Աստուծու բարին:
— Մսավաճառի խանութ մը բանալ կ՚ուզենք ընկերութեամբ:
—Ազգային դաստիարակութիւնը զարգացնելու ամենէն կարճ ճամբան...
—Ի՞նչ կ՚ըսէք:
—Շատ աղէկ խորհեր էք. առողջ մարմին, առողջ միտք կ՚ըսէ առածը. հետեւապէս մարդս որչափ միս ուտէ, այնչափ առողջ միտք կ՚ունենայ, ուստի որչափ շատնայ մսավաճառութիւնն այնչափ կը շատնայ բանաստեղծութիւնը, գրականութիւնը եւ այլն:
—Շնորհակալ ենք, ի՞նչ պէտք է այս գործը գլուխ հանելու համար:
—Ատենապետ մը, եւ այն ատենապետն ալ ես կ՚ըլլամ:
Դրան քովն ես կարծեմ ասոր ալ օձիքէն քաշէ եւ չորրորդին սպասէ որ ահա կուգայ.
— Բարեւ էֆէնտի:
—Աստուծու բարին:
—Քանի մը երիտասարդներ մէկտեղ եկած ընկերութիւն մը հաստատած են. ասոնք ոչ իրենց ըրածը գիտեն եւ ոչ ալ ընելիքը. այսպիսի ընկերութիւններն ազգին չարիք հասցնելէն ուրիշ բանի մը չեն ծառայեր. ուստի մենք որոշեցինք ընկերութիւն մը կազմել... այդ ընկերութիւնը կործանելու համար:
—Բուն հայութիւնն ալ աս է:
—Մեշի կ'օգնէ՞ք այս պարագային մէջ:
—Ինչո՞ւ չէ, քանի որ կ՚ըսէք թէ ազդին վնասակար է, պէտք է որ կործանվի: Ես անոր ատենապետը կանչել կուտամ եւ կը խօսիմ:
— Ատենապետը կանչել կուտա՜ք . . . : — Այո՛, պիտի վախնա՞մ իրմէ: —Բայց այդ ընկերութեան ատենապետը... դուք էք: —Ե՞u եմ... Տէր ողորմեա . . . ի՞նչ փոյթ թէ ես եմ.