Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/231

Այս էջը սրբագրված է

ՍԱՐԳԻՍ ՊԷՅ ՊԱԼեԱՆ

Ներելի՞ է արդեօք հեգնական գրիչի մը յանդգնիլ այսպիսի հանճարաւոր եւ հռչակաւոր անձի մը փառքը գրելու՝ զոր կը պատմեն արդէն երեսունէ աւելի հատորներ, որք մեր հրատարակած գիրքերուն պէս թղթակազմ չեն ոչ ալ լաթակազմ այլ քարակազմ են: Ա՛րդ, երբ քարերը կ՛աղաղակևն ի՞նչ հարկ կայ որ տկար փետուր մը այդ հոյակապ շէնքերուն շուրջը տարուբերի:

Փետուրը, պիտի ըսէք, որչափ ալ տկար ըլլայ, ժամանակին հոսանքին առջեւ քարէ աւելի կը դիմանայ, ուստի եւ պէտք է որ քարերը քիչ մը լռեն եւ գրիչը խօսի։ Կը հաւանիմ բայց իմ գրիչս այդ քարերուն պէս պիտի կրնա՞յ խօսիլ: Այդ շինքերը խիստ բարձր են եւ իմ գրիչս որուն մէկ թեւին փետուրները կտրած եմ, չէ կարող այնչափ բարձր թռիչ առնուլ, եւ քանի անգամ որ բարձրանալ փորձէ՝ թաւալգլոր գետինը պիտի իյնայ ել թերեւս միւս թեւն ալ պիտի կոտրէ։

Ուրիշներու պէս ես ալ համոզված էի որ խօսքը բառերէ կր շինվի, իսկ երբ ակնարկ մը կ՚ընեմ այդ հոյակապ շէնքերուն վրայ զորս բարձրացուցած է Նորին Վսեմութիւնը՝ կ՚ըսեմ. խօսքը քարերէ կը շինվի: եւ ի՛նչ դիւրութեամբ եւ արագութեամբ...: Ես ալ երբեմն բառեր կ՚առնեմ կը կոփեմ, կը տեղաւորեմ, նորէն կը հանեմ, տեղը ուրիշ բառ մը կը դնեմ եւ երբ կը կարծեմ թէ գեղեցիկ խօսք մը շինած եմ՝ կը տեսնեմ որ Նորին Վսեմութեան շինած մէկ հաւնոցը իմ շինած խօսքէս շատ աւելի գեղեցիկ եւ վսեմ է: Սակայն իմ գրիչս որչափ ալ անզօր ըլլայ՝ գոնէ անկարող է նսեմացունել Նորին Վսեմութեան համբաւն որ,