Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/24

Այս էջը հաստատված է

քանի որ նպատակին չի ծառայեր կ'ըսէք, պէտք է կործանել:

—Շնորհակալ եմ:

—Մեր պարտքն է կործանել այն բոլոր վնասակար ընկերութիւնները, ով որ ալ ըլլան անոնց ատենապետները:

Կը կարծէք թէ կը կործանէ՞. քաւ լիցի.—կը կարծէք թէ կը շինէ՞, երիցս քաւ լիցի. այնչափ ընկերութիւններու անդամ է որ ժամանակ չունի ո՛չ կործանելու ո՛չ ալ շինելու: Ստոյգը խօսելու համար Տիգրան էֆէնտի Եուսուֆեան ազգին յառաջդիմութեանը մեր ամենէն աւելի փափաքողներէն է, եւ այս չափազանց փափաքով է անշուշտ որ ամենուն մէկէն հասնիլ կ'ուզէ եւ ոչ մէկուն կրնայ հասնիլ: Ո՛չ անցեալ եւ ոչ այս դարուս մէջ չկայ ընկերութիւն մը որուն կամ ատենապետն կամ անդամ չըլլայ. եւ ինչպէս որ վարդն առանց փուշի չըլլար, ընկերութիւնն ալ առանց Եուսուֆեանի չկրնար ըլլալ-առակաբանութիւնը մի միայն վարդին փուշէն անբաժանելի ըլլալուն վրայ է, երեսս ի՜նչ կը նայիք ո՜վ չարամիտներ:

1868ին անդամ եղաւ այն խնամակալութեան որ յառաջ պիտի տանէր Շահ-Նազար եւ Նուպարեան վարժարանը վերջէն աշխարհածանօթ եղաւ իւր... կործանմամբը: Արդարութիւնը խօսելու համար իւր աշխատութիւնը չզլացաւ հոն Եուսուֆեան էֆէնտի եւ ջանաց որչափ որ կրնար կանգուն պահել այդ շէնքը. բայց որովհետեւ անհատի մը կամքն ու ջանքն միայն բաւական չեն պայծառ պահել այնպիսի շէնք մը որ ժողովրդեան քաջալերութեամբը միայն կրնար յարատեւութիւն գտնել, ուստի եւ գոցվեցաւ: Հոն կը գտնուէին աշակերտներ որ կէս թոշակով ընդունված էին եւ քառորդն վճարել կը դժկամակէին. կային աշակերտներ որ թոշակն բնաւ չէին վճարեր եւ միայն կ՚ուտէին կը խմէին. կային որ դրամ մը չվճարելէն զատ կը փափաքէին որ իրենց հագուստն ալ դպրոցէն շինվի: Այսպէս կը վարվին ահաւասիկ մեր ազգայիններն երբ իրենց զաւակներն ազգային մասնաւոր վարժարանի մը մէջ դնեն. իսկ