Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/25

Այս էջը հաստատված է

ընդհակառակն՝ պահանջվածէն աւելի կուտան երբ օտարի մը յանձնեն իրենց զաւակները:

187Օին երեսփոխան ընտրվելով՝ հրաւիրվեցաւ երեսփոխանական ժողովոյ մէջ աթոռի վրայ բազմելու: Այս ժողովոյ մէջ բաւականէն աւելի գործեց, որովհետեւ հոն գործելը լեզուով էր եւ ոչ թէ ձեռքով: Իւր ատենաբանութիւններն երբեմն տարապայման կ՚երկնկային՝ եւ ունկնդիր ժողովըրդեան գլխուն բաւ կը պատճառէին. թէպէտեւ շատերը կը յարգեն Եուսուֆեան էֆէնտիին ատենախօսութիւններն իբրեւ... քրտնեցուցիչ դեղ. եւ այս է պատճառ որ hարբուխ եղողները փոխանակ թէյ խմելով կամ ոտքերը տաք ջուրի մէջ դնելով քրտնել աշխատելու՝ Եուսուֆեան էֆէնտիի երկարաձիգ ատենախօսութիւնները մտիկ կ'ընէին եւ քրտնելով բժշկութիւն կր գտնէին: Եթէ սովորութիւն ըլլար որ թոյլ տրվէր կիներու մտնել երեփոխանական ժողովին մէջ, շատ մը կիներ ուխտի կ՚երթային անոր երկարապոչ ատենախօսութիւններուն: Երբ կարճ կը խօսէր՝ լաւ կը բացատրէր իւր միտքն եւ զօրաւոր փաստերով կ'ըմբերանէր իւր հակառակորդները: Ճշմարտութիւնը կը հարկադրէ զմեզ խոստովանիլ որ Լակոնական ոճին մէջ շատ յառաջ գացած է իւր... հասակը. եւ երբ զինքը տեսնեմ՝ մտքէս կ՚ըսեմ.

—Ո՜վ մարդ Լակոնական, այդ հասակիդ ոճը ինչո՞ւ չես գործածեր ատենախօսութիւններուդ մէջ:

Ոչ միայն երետիոխանական ժողովոյ մէջ այլ վարժարաններու եւ թատրոններու մէջ ալ ըրած է ատենաբանութիւններ որոնց թիւն այսօր վեց հազար ութը հարիւր իննըսունը վեցի կը հասնի: Իւր ատենաբանութիւններուն մէկ մասը կը սկսի. «Խնամակալուհի Տիկնայք»ով, մէկ մասը «Տեարք եւ Տիկնայք»ով, մէկ մասն ալ «Տեարք»ով:

Ամեն պարգեւաբաշխութեան հանդէսներն ինք կը բանայ եթէ երկու կամ երեք հանդէս մէկ օրուան հանդիպին՝ երկուքին ալ կամ երեքին ալ կը հասնի եւ դաստիարակութիւնը բնաբան դնելով կը համոզէ հանդիսականներն որ