Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/251

Այս էջը սրբագրված է

կասութիւնը գոցելու ետեւէ եղաւ: Բացի տնտեսագիտութենէ բժշկութեան ալ կոչում ունենալը յայտնեց, տեսնելով որ բժշկին մէկը վէրքի մը վրայ սպեղանի կր քսէր, այդ վէրքին կլոր ըլլալէն շուտ մը Հասկցաւ որ ամէն կլոր՝ վէրք է, եւ երբ օր մը հայրն սիկարն վառելու ատեն, կրակը Հագուստին վրայ ձգելով կլոր ծակ մր բացաւ հոն, Բարունակէն՝ հայրիկիս հագուստը վէրք հանեց ըսելով՝ իսկոյն դեղագործի մը խանութ վազեց եւ տուփ մը սպեղանի բերելով հօրը հագուստին վրայ քսեց եւ հետեւեալ օրը իւր դեղին ինչ ազդեցութիւն ըրած ըլլալն իմանալու համար հօրը բալթօյին թեւին երակները քննեց:

Ծնողքն ուրախացան ու խնդացին, եւ վերջապէս համոզվելով թէ՝ Բարունակն այդ պզտիկ հասակին մէջ մեծ փափաք եւ կոչում ունէր բժշկելու... հագուստները, զինք թաղին դպրոցէն հանելով մայրաքաղաքիս բժշկութեան վարժարանը ղրկեցին որ հոն բժշկէ ու բժշկվի, որովհետեւ քիչ մը նիհար էր:

Բարունակ, բժշկական վարժարանը մտաւ չմտաւ սկսաւ հսկայաքայլ վազել իւր դասերուն եւ դասարաններուն մէջ, քիչ ժամանակէն ընկերները գերազանցեց եւ իններորդ դաս մտնելուն պէս սկսաւ բժշկական թերթ մը հրատարակել որուն մէջ ազգային յօդուածներ կը գրէր, երբեմն ալ բժշկական:

Այս հրատարակութիւնը մեծ ծառայութիւն ըրաւ այն ատեն ազգին, այնպէս որ ընթերցողներուն մեծագոյն մասը մէկ երկու տարիէն մէյմէկ բժիշկ եղան:

Բարունակ տնտեսագէտ ըլլալով՝ թերթին բոլոր գործերն ինք կը տեսնէր, ինք կը խմբագրէր, ինք կը կարդար, շռայլ չէր, քսան Կիլիկիա տպել կու տար: Տարեկան գինը հինգ ղրոլշ էր:

Բժշկութեան արուեստը կատարելագործելու տենչը Փարիզ կը կանչէր զինք, բայց խրկող չկար. բայց ետքէն ազգականներէն մէկուն ձեռքովն Բարիզ ղրկվեցաւ ուր իւր արուեստը կատարեց եւ մայրաքաղաքս դարձաւ: