Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/252

Այս էջը սրբագրված է

Ազգասիրութիւնը չէր թողուր զինքն որ խմբագրութենէ քաշվի, ուստի Կիլիկիան նորէն հրատարակել սկսաւ: Այն ատեն ըսվեցաւ թէ սխալ թարգմանութիւններ կ՚ընէր, բայց ասիկա թշնամական խօսք մ՚էր. կ՚երեւի թէ բնագիրն ալ սխալ գրված ըլլալով՝ Իւթիւճեան էֆէնտին բնագրին հաւատարիմ մնալու համար սխալ կը թարգմանէր:

Քիչ մը ատեն Կիլիկիան հրատարակելէն ետքը նորէն ետ քաշվեցաւ, ինչպէս որ շատ մը խմբագիրներ կ՚ընեն, եւ մօտերս «Խնայողական ընկերութիւն» անունով ընկերութիւն մը հիմնեց, կանոնագրութիւն մը խմբագրեց որ Ֆրանքլինի առածներով ու խրատներով լեցուն էր:

Կ՚ըսվի թէ ընկալագիրներուն վրան ալ Ֆրանքլինէն մէյ մէկ կտոր բան դրած էր:

Ընկերութեան բաժանորդներն օր մը ելան ստակնին ուզեցին. Իւթիւճեան էֆէնտին յայտնեց իրենց թէ՝ ըրածնին Ֆրանքլինին խրատներուն դէմ էր, բայց բաժանորդներն մտիկ չըրին ու զրպարտութիւններ ալ ըրին, այնպէս որ եթէ Ֆրանքլինի խրատները չըլլային Իւթիւճեան էֆէնտին խաբեբայի մը անուն պիտի վաստկէր:

Հայ հասարակութեան տգիտութեան վրայ ցաւած՝ Իւթիւճեւսն էֆէնտին նորէն սկսաւ այս օրերս իր Կիլիկիան հրատարակել աւելի կանոնաւոր կերպով: Իւթիւճեան էֆէնտին անանկ բնաւորութիւն մը ունի որ բնաւ չլռեր, միշտ կը խօսի, եթէ մտիկ ընող չգտնվի սենեակի մը մէջ կը քաշվի ինքն իրեն կը խօսի: Լսածնուս նայելով հիմակուան Կիլիկիային մէջ հրատարակվածները սենեակին մէջ ինքնիրեն ըրած խօսքերն են եղեր: Բնաւորութիւն մ'ալ ունի որ ամէն բանի մէջ նախ իւր շահը կը փնտռէ ետքը դիմացինին, հիւանդի մը կանչըվելու ըլլայ նէ՝ նախ խր երակները կը քննէ վերջը հիւանդին: