Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/260

Այս էջը հաստատված է

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴՈՎեԱՆ

Յակոբ Վարդովեան, դերասան-Տնօրէն Վարդովեան խումբին ծնաւ ի Պէշիկթաշ 1830 Օգոստոս 18ին: Մօրն արգանդէն դերասանական անանկ ձեւով մը դուրս նետվեցաւ որ կարծես քուլիսէն տեսարան կուգար, անանկ սաստկութեամբ դուրս յարձակեցաւ որ քիչ մնաց դայեակին քիթը պիտի կոտրէր: Ներկայ գտնվողներն դայեակին սիրտն առին եւ երբ ստակը տալով ճամբելու վրայ էին, Վարդովեան մէջերնին նետվեցաւ եւ ըսաւ թէ՝ ըստ կանոնագրութեան ստակին կէսը ամսոյն 15ին տան, կէսն ալ ամսոյն վերջը: 1846ին դպրոց դրվեցաւ որպէսզի մտաւորական սնունդ առնէ, բայց անիկայ ատանկ սնունդներու կարեւորութիւն չտալով՝ դասարանին մէջ տղայոց շարժումներն ու ձեւերն նկատողութեան կ՚առնէր: Բնաւ դաս չէր սորվեր, դասախօսութեան միջոցին ընկերը քովէն կամացուկ մը կ’ըսէր իրեն, եւ ասանկով դասերն աղէկ սորված կ'ըլլար: Այս գիւտը շատ օգտակար եղաւ իրեն, այնպէս որ այսօր իր մասը չսորվի ալ նէ՝ յուշարարէն շատ դիւրութեամբ կրնայ առնել: Իրիկունները տուն դառնալուն պէս, թաղին պզտիկ տղաքները կը ժողվէր եւ սենեակին մէկ կողմը վարագոյր մը քաշելով խէյալ կը խաղցունէր, քարակէօզին սիրահարի մաս կու տար, հաճի էյվատին ալ ազնուական հօր մասը կը յանձնէր եւ ինքն ալ վարագուրին ետեւը պահուըտած զանոնք կը խաղցնէր: 1848ին դպրոցէն ելնելով՝ ըստ ոմանց նկարչութեան արուեստ եւ ըստ ոմանց սըվաճիութիւն սորվելու գնաց կ՚ըսվի, բայց որովհետեւ իր ասպարէզը ան չէր, անկից ելաւ եւ դերասանութեան արուեստին ետեւէ եղաւ: Արեւելեան թատրոնը չրացված՝ քանի մը ընկերներու հետ մէկ երկու ներկայացումներ տուաւ,