վերջէն Արեւելեան թատրոնը մտաւ, ելաւ, նորէն մտաւ, դարձեալ ելաւ, վերստին մտաւ: Դերասանական կեանքն ու արուեստն այնչափ սիրեց որ բոլոր բարեկամներն կ'ստիպէր որ դերասան ըլլան ու ազգին զեղծումներն հարուածեն: 1866ին Նաումի թատրոնին մէջ ներկայացուց Մաքպէթը ու կրից բորբոքման ժամանակն անանկ կանոնաւոր քայլեր առաւ որ քովը աղջիկ մը ըլլար նէ՝ աղուոր սօթիշ մը կ’ըլլար: 187Օին Թափառական Հրեային մէջ Րոտէնի մասը կատարեց ամենայն յաջողակութեամբ. ուրիշ շատ դերեր ալ խաղաց, բայց խաբելու, կեղծաւորութիւն ընելու մասերուն մէջ երեւելի հանդիսացաւ: Դերասանական խումբն՝ որուն մէջ կը գտնուէր ինքն, քանի մը անգամ ներկայացումներն դադրեցնելով երբ յուսահատութեան մէջ ինկած էր, Վարդովեան՝ ես թէ՛ թատրոնն եւ թէ՛ դերասանները կարող եմ ապրեցնել ըսելով՝ դերասաններն ժողվեց իւր տնօրէնութեան տակ ու անոնցմէ խումը մը կազմեց: ճշմարտութիւնը խօսելով՝ Վարդովեանի անխոնջ եւ անվհատ աշխատութեան շնորհիւն է որ ազգն այսօր թատրոն մը ունի: Խումբը կազմելուն պէս թարգմանիչներ բռնեց եւ օտար խաղերով սկսաւ ազգին զեղծումներն հարուածել, ճիշդ այն մարդուն պէս որ ապտակը օտարին գլխուն իջեցնելով՝ տղան ծեծած ըլլալ կը կարծէ: Այդ ընթացքը մինչեւ այսօր փոխած չէ, եւ իւր զբաղմանցը պատճառաւ ասկից վերջն ալ փոխելու ժամանակ չպիտի ունենայ: Թատրոնը շարունակելու փափաքով փիղի չափ թերութիւններն իրեն ճանճի պէս կ՚երեւան, եւ եթէ թատրոնին թերութիւններն մէկն իրեն ցոյց տայ՝ զանոնք ուղղելու հոգատար չէ, եւ կարծես լռելեայն կ՚ըսէ. Վերցո՛ւր այդ մոլութիւններն թատրոնի մէջէն եւ ահա՛ թատրոնն ալ կը վերնայ: Ներքին կանոնագրութեան մը համեմատ դերասաններէն քիչ շատ տուգանք առնելով ելումուտքը կը հաւասարակշռէ. որոշեալ ժամէն քառորդ մը ետքը եկող դերասանը կը տուժէ, քառորդ մը առաջ եկողն ալ կը տուժէ, դեր կատարած միջոցին հազացող դերասանին ալ ամսականէն քիչ մը
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/261
Այս էջը հաստատված է