տասուքներն հոսեցան: Սուգ առաւ պանդխտին քնարն եւ անոր մեղմ, անուշ եւ փափուկ թելերն տխրագին կ՚եղերերգէին.
Թէ իմն Հայրենեաց քնար սգաւոր,
Հեծէ տխրագին իմ սրտիկս է այս,
Թե նորա բեկ բեկ թելեր վշտաւոր
Խօսին ողբաձայն իմ ձայնիկս է այն։
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․ ․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․
Շատ քերթողներ արցունք թափեցին Հայաստանին համար, բայց այն արցունք զոր ֆէլէկեանը ցօղեց հայրենեաց աւերակաց վրայ ամենէն փափուկն եւ ամենէն սրտառուչն է:—
Ձեռք առնենք, ընթերցո՛ղ, կենսագրութեանս երգիծական մասն զոր յակամայից ստիպվեցանք պահ մը ընդմիջել Սիմոնիկին քնարին անիրաւութիւն մը չընելուն համար:
Եւ ահա այսպէս Սիմոնիկը Հայաստանը կ՚ողբար, թէպէտ եւ ինքն ալ Հայաստանէն աւելի աղէկ վիճակ մը չունէր: 1855ին Սիմոնիկը դասատուութեան սկսաւ, դասատուութենէ աւելցած ժամերն ալ ատենաբանութիւնով կ՚զբաղէր, բայց ո՛չ առաջնոյն եւ ոչ ալ վերջնոյն մէջ իւր բանաստեղծական անօթութեան յագուրդ չկրնալով տալ, Պօլսէն դուրս ելաւ եւ շրջակայ գեղերուն մէկուն մէջ ագարակ մր վարձեց բանաստեղծութիւն ընելու համար: Հոն կ՚երգէր բնութիւնն, ծառերն, առուակներն, հովիւն, սրինգն, կովերն, ձիերն, էշերն եւ սագերն, սոխն ու սխտորն ալ իր քնարէն չէին վրիիպած, ինչ որ տեսնէր քնարովը կ՚երգէր. բայց որովհետեւ ոտանաւոր գրելով ագարակ մը չկառավարվիր, ստիպվեցաւ հոնկից հեռանալ անիծելով մարդոց շահասիրութիւնն եւ բանաստեղծէ մը ստակ պահանջելու յոռի դրութիւնը: 1Տ68ին՝ նորէն Պօլիս դառնալով՝ երկու տարի ամբողջ ագարակին մէջ իրեն եղած անիրաւութիւններն իր բարեկամաց պատմելով զբաղեցաւ։ Ագարակին պատմութիւնը լմնցնելուն պէս վարժարան մը մտաւ դասատուութեամբ․ Այս միջոցներն էր որ