Այս էջը հաստատված է
Ֆէլէկեան էֆէնտին պճնասէր չէ, ուրիշներուն պէս հագվելու սգվելու փափաք չունի, խել մը երիտասարդներու պէս առտուըները ժամերով հայելիին առջեւը անցնիլ ու մազերը սանտրելու ալ սովորութիւն չունի: Չմշկածագէն հոս գալու համար ճամբայ ելած օրը մայրն սանտրած էր մազերը, Ֆէլէկեանն ալ այս յիշատակն անմոռաց պահելու համար այն օրէն մինչեւ այսօր սանտր դպցուցած չէ մազերուն։
Ֆէլէկեան էֆէնտիին դէմքը այն մարդուն դէմքին նմանութիւնը կը բերէ որ կամուրջին վրայ կեցած քովիններուն կր հարցունէ թէ կամուրջը ո՞ւսկից կ՚երթըցվի-