ԹՈՎՍԱՍ ՖUՍՈՒԼեUճեԱՆ Թովմաս Ֆասուլեաճեան, երբեմն այլեւայլ թատրոննե- րու տնօրէն եւ վերատեսուչ, հիմայ դերասան, թերեւս քիչ ժամանակէն նորէն տնօրէն, նորէն դերասան, ծնաւ ի Ֆէ- նէր 1843 Յուլիս 25ին, ամառուան այն տաք օրերուն մէջ ուր մայրն երկու նեղութիւն միանգամայն ունեցաւ, մին շնիկ աստղը եւ միւսն երախան։ Թովմաս աշխարհ գալուն պէս առանց երկար յառա¬ ջաբանի երկու բառով բացատրեց թէ ինք կարող է ուրի¬ շին, ասուն թէ անասուն, ձայնը հանելու, շարժուածքն իր վրայ ձեւացնելու, որովհետեւ ծնելուն պէս մլաւ, մլաւ ա- ղաղակեց ճիշդ այն կատուին պէս որ տուներնին կր գըտ- նըվէր եւ որուն մլաւիւնը Թովմաս մօրն արգանդէն լսած ու անոր պէս մլաւելու վարժութիւն ըրած էր: Հազիւ թէ չորս տարեկան եղած էր բոլոր կենդանեաց ձայները կը հանէր, եւ եթէ հարկ ըլլար' կրնար իրարու լե- զուն չհասկցող կենդանիներու մէջ թարգմանի պաշտօն վա¬ րել։ Տեսած մարդուն քալուածքն, շարժուածքն, ձեւերն ա իր պղտիկ հասակին վրայ ձեւացունելն բերնուց դեր սոր¬ վելէն շատ դիւրին էր իրեն: Եօթը տարեեան էր Եէնի Մահալլէի վարժարանը մտաւ ուսմունք առնելու: Քիչ մը ատեն հոն մնալէն ետքը Գում Գաբուի վարժարանը մտաւ եւ այնչափ ուսմունք առաւ որչափ որ կուտային նոյն թուականին վարժարանները: Վարժարանէն ելաւ ու մէկ երկու արուեստներ փո¬ խելէն ետքը թիւլպէնտճիի մը քովը մտաւ, ո՛չ թէ թիւլպենտ ծախելու համար, այլ խանութը եկող յաճախորդներէն ձեւ ու շարժուածքներ գողնալու համար: Այս յատկութիւններն դերասանի էին, եւ Թովմասը չէր ուզեր որ անոնք աննշան մնան, ուստի ըսաւ, դերասան ըլլամ եւ եղաւ: 1861ին Արեւելեան թատրոնը մտաւ ու սիրահարական մասերէն սկսաւ իւր տաղանդը փայլեցունել։ Քիչ ժամանակ անցնելէն ետքը Իզմիր գնաց ուր ամե-
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/273
Սխալ առաջացավ էջը սրբագրելիս