կան է որ ինքն ատանկ բան մը ըրած չէ եւ հետեւապէս պատասխանատուութիւնը երբեք իւր վրան չառներ: Անհոգութենէ ծագած վնասներն իրեն համար առաքինութիւն կը համարվին: Ծով ինկած մարդ մը եթէ ըսէ իրեն:
— Կ'աղաչեմ էֆէնտի: — Ատենապետութի՞ւն ընեմ: — Կը խղդվիմ , ձեռքէս բռնէ որ ելնեմ... — Կը խոստանամ զքեզ խալսելու կը պատասխանէ եւ գրպանէն Մասիս լրագիրը հանելով կարդալու կ՚զբաղի: — Իրեն սկզբունքով՝ այդ մարդը ծովէն հանած եղաւ, որովհետեւ խոստացաւ: Բայց մարդը խղդվեր է , հոգ չէ՛, Եուսուֆեանին համար խալսած է :
Իբրեւ մատենագիր շատ ծառայած է ազգին չհրատարակելով իւր երկասիրութիւններն ... եթէ Բէրայի հրդեհին մէջ հրոյ ճարակ եղած չեն: Եթէ իւր բոլոր ատենախօսութիւններն լոյս տեսած ըլլային՝ անպատճառ, հազար հատոր պիտի կազմէին, եւ հետեւապէս, մեր կեանքն կարճ ըլլալով զանոնք ամբողջ կարդալու համար մեր թոռներուն պիտի պատուիրէինք շարունակել անոնց ընթերցումը, եւ եթէ անոնք ալ չկարողանային լմնցնել` տարակոյս չկայ որ անդիի աշխարհին մէջ ալ Եուսուֆեանի երկարաբանութիւնները կարդալով պիտի պատժըվէինք ...: Ճշմարտութիւնը չվիրաւորելու համար կը հարկադրվինք խոստովանիլ թէ՝ որքան ալ հրատարակուած չըլլան իւր ատենախօսութիւններն, անոնցմէ մեծ մասը շատ ընդունելութիւն գտած է ժողովուրդէն, որ փութացեր է անոնց իւրաքանչիւրին մէյմէկ արձան կանգնելու:
Ողիմպիական խաղերու մէջ շատ յառաջ գացած է, կ՚ըսեն. մանաւանդ ուիսթի մէջ: Բոլոր մեծ մարդերու ողիմպիական խաղերէն մէկն է աս, որու մէջ ամենէն յաջողակը մրցանակ կ՚առնէ: Այս խաղերուն մէջ տրուած մըրցանակները յայտնի են: Այս ասպարէզին մէջ բաւական հրատարակութիւններ ունեցած է ... սեղանի վրայ, որոնք չենք կարծեր որ անմեղ զբօսանքի սահմանէն անցած ըլլան: