Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/29

Այս էջը հաստատված է

Եուսուֆեան՝ եթէ մաս մաս քննըվի՝ Քէօսէ Քէհեային պէս ձանձրացուցիչ կողմեր ունի.իսկ երբ ամբողջութիւնը քննադատենք՝ ամենքս կը միաբանինք ըսելու թէ չար սիրտ չունի. ազզին շահն իւր շահուն չզոհեր, եւ երեսփոխանական ժողովին մէջ ճնշման ներքեւ չիյնար... ուրիշ բան է եթէ Վսեմփայլ Տատեան Յարութիւն պէյին մէկ կարծիքը հերքելու վրայ է խնդիրը:

Իւր սկզբունքներն են.

«Շատ խօսէ քիչ մտիկ ըրէ.

«Եթէ քու չուզած մէկուն հետ տեսնըվիլ չես ուզեր, բացէ ի բաց մի՛ մերժեր զինքն այլ այնպիսի ժամադրութեան տեղ մը ընտրէ ուր չկարենայ գալ:

«Երջանկութիւնը շատ անգամ պարգեւաբաշխութեան հանդէսներուն մէջ կր գտնվի.

«Խոստանալը կատարել է։»

Եուսուֆեան Էֆէնտին կարճ հասակով, բարձր գաղափարով, վայելուչ երիտասարդ մ՚է: Ձմեռը այնչափ մեծ թիկնոց մը կը հագնի որ մէջը կը կորսվի. այնպէս որ զինքը տեսնողը չըսեր թէ՛ «որքան մեծ թիկնոց հագեր է» այլ կ՚ըսէ. «Եղբա՛յր, կարծես թէ սա թիկնոցին մէջ բան մը կայ:» Իւր սովորական դէմքը կը յիշեցունէ մեզ այն մարդուն դէմքը որ երեսուն քայլ հեռաւորութեամբ թռչունի մը ուշադրաթեամբ նշան կ՚առնէ եւ երբ հրացանը կը պարպէ՝ կը տեսնէ որ թռչունը տեղէն անգամ երերած չէ: