զէր դասերուն մէջ, ինչպէս նաեւ փողոցներու մէջ, որ վարժապետը կր խորհէր զայն գտնված դասէն հանելով ուրիշ դասատու մր բերել տալ եւ անոր յանձնել. սակայն մէկ աշակերտին մէկ դասատու յատկացնելու դիմադրոթիւն կ'ընէր թաղական... սնտուկը: Կ՚զգար ինք որ դասընկերներուն ծուլութեանը կը զոհվէր. որով կ'ստիպվէր իւր գործը քտլեցնելու համար, շատ անգամ անոնց օգնել: Երբ ընկերները դասի կ'ելնէին, ինքը յուշարարի պէս անոնց ետեւէն կ՚ըսէր այն օրուան դասն ինչպէս երեսփոխանական ժողովոյ մէջ կ'ըսեր դասընկերներուն իրենց համարը: Իւր անդուլ աշխատութեամբն յաջողեցաւ չորս ամսուան մէջ ուսանիլ Համաձայնութիւնը զոր չէ կրցած սակայն գոյացնել օր մը ժողովոյ մէջ: Տէր բային ո'ւր ալ գտնվէր, անմիջապէս կը ճանաչէր, կարծես պարտք ունէր անոր: Վերջապէս օր մը դասատուին քանի մը սխալները գտնելով համոզուեցաւ թէ այդ վարժարանն անկարող էր յագեցնել անօթութիւնն զոր կը... սնուցանէր սրտին մէջ ուսման եւ գիտութեան համար: Բախտաւոր էր, վասն զի այն ատենները ազգին զաւակներուն դաստիարակութեանը համար խորհող հագուստ գլուխներ եւ մարդեր կային: 1838ին, բարեյիշատակ Կարապետ ամիրա Պալեան եւ անոր քէռայրը Յովհաննէս, արքունի ճարտարապետներ, որոշեցին, ազգային մանկտւոյն լոյս տալու նպատակաւ, Իւսկիւտարի Երուսաղէմի վանքն հիմէն նորոգելով վարժարանի փոխարկել: Այս որոշման վրայ ուրախացաւ Ստեփանիկն, ինչպէս կ'ուրախանայ աղջիկ մը երբ իրեն ըսես. ել պարահանդէս տանիմ քեզի: Այս ամիրաները Երուսաղէմի Պատրիարքին իմացուցին իրենց որոշումը, խնդրելով Նորին Սրբազնութենէն որ այդ շէնքն ազգին շնորհելու հաճելէն ետքը բարեհաճի նաեւ տարին հարիւր քսան հազար դահեկան տալ աղքատ տղայներու կրթութեան համար: Նորին սրբազնութիւնն, որու անունն բարեբաղդաբար Եսայի չէր, ոք օր ելնէր եւ ազգին ըսէր՝ վանքը քսանը հինգ հազար ոսկի
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/33
Այս էջը հաստատված է