պարտ ունի. օրհնեա՛լ ժողովուրդը բարեհաճի զայն վճարել, ընդունեց իրեն ներկայացված առաջարկութիւնը: Հայկական հաստաբազուկ եղբայրներ փլցուցին այդ մեծ վանքը...տասը վայրկեանի մէյ, ինչպէս կործանեցին Արմաշու միաբանները համանուն վանքը, ինչպէս պիտի կործանէ օր մը Մամբրէ Մուշի վանքը, եթէ դեռ կործանված չէ:—Այո՛, տասը վայրկեանի մէջ. իրարու երես նայելու հարկ չկայ. եթէ չէք հաւատար՝ ցոյց տուէք ազգային շէնք մը եւ հիմնայատակ ընենք տասը վայրկեանի մէջ...Հայու արիւն կը կրենք մենք:-Քանի մը շաբաթ ձեռնարկեցին եւ քանի մը ամիսէն վանքին տեղ կանգնեցին վարժարան մը զոր Արիստոտէլեան ճաշակով կոչեցին ճեմարան ուր պիտի դասախօսէին դասատուները... պառկելով: 1838 դեկտ. 9ին ճեմարանի դռները բացվեցան: Ասլանեան գիրքերը ժողվելուն պէս վազելով ճեմարան մտաւ,եւ հազիւ թէ դասերու բաժանումը պիտի սկսէր ամիրաներու դասուն բաժանումը սկսաւ:
Քանի որ ճշմարտութիւն է, ինչու՞ վախնանք ըսելու թէ մեր դաստիարակութեան շէնքերը Յանոսի տաճարներն էին մինչեւ մօտ ժամանակներս. եթէ կռուոյ ժամանակ չէին բացվեր անոնց դռները՝ գոնէ բացուելուն պէս կռիւը կը սկսէր եւ փակուելուն պէս խաղաղութիւնը վերստին կը հաստատուէր: Ճեմարանի բացուելէն քանի մը ամիս ետքը մէկ կողմէն աշակերտներու ոմանց ծնողքը մեծ զրկանք կը համարէին իրենց տղայները ճեմարան ղրկելէն ետքը տարեկան թոշակ վճարելը։ Միւս կողմէն ամիրաներու մեծագոյն մասը կը փափաքէր որ ի փառս ազգին ճեմարանը... կործանվի, սպառնալով որ եթէ անոր դռները չփակվին` պիտի ստիպվէին Ֆալախայի առնել... ճեմարանը: Ազգին պատիւը կը պահանջէ որ կ'ըսէին, ճեմարանը գոցվի: Այս լուսոյ տաճարն սկսաւ օր ըստ օրէ պարտքի տակ ճնշվիլ: Ամիրաները յաջողեցան Երուսաղեմէ առնուելիք հարիւր քսան հազար դահեկանի վճարումն ուշացնելով եւ իրենց ծանօթ-