ծանօթներուն զաւակները ճեմարանէն քաշելով փակել տալ անոր դռները հակառակ այն ջանքերու՝ զորս ժողովրդեան արհեստաւոր մասը թափեց կանգուն պահելու համար այդ շէնքը:
Քանի մր տարի կռուոյ ասպարէզ ըլլալէն ետքը 1841 հոկտ. 3ին դռնփակ նիստ ըրաւ ճեմարանը... իբրեւ պատճառ խռովութեան... կեցցէ՛ ամիրայութիւն...:
Ձեզ կը հարցունեմ հիմա. ասանկ վարժարանի մր մէջ ի՞նչ կրնար սորվիլ Ասլանեան. անշուշտ լաւ կռիւ ընել, եւ եթէ այսօր ազգային կռիւներու մէջ մեծ համբաւ հանած է, այն ալ ճեմարանի պարտաւոր է: Չմոռնանք սակայն հոս յիշել որ հոն համոզվեցաւ Ասլանեան թէ անհրաժեշտ պէտք է Սահմանադրութիւնը հաստատել որպէս զի Ամիրայութիւնը կործանվի։ Ամեն ազգերու մէջ այսպէս եղած է, երբ միապետութիւնն սահմանէն անդին անցած է՝ ծնած է հասարակապետութիւնն՝ որ միապետութեան ծնունդ տուած է երբ օրէնքը չարաչար գործածած է: Ես ժամանակ չունիմ հիմա պատմութենէն ոչ ալ Ալֆիէրիի Բռնաւորութենէն ապացոյցներ մէջ բերել հոս. եթէ իմ տեղս բժիշկ Շիշմանեանն ըլլար՝ երկար յօդուածով մը կը հասկցնէր ձեզ թէ միապետութիւնը սահմանադրութենէն կ՛ելնէ թէ սահմանադրութիւնը միապետութենէն:
Այնչափ զզուեցաւ Ասլանեան ամիրաներու բռնած ընթացքէն որ ամիրաներու հետ բոլոր մարդերն ալ սկսաւ ատել, ահ, կ՛ըսէր օր մը, ջրհեղեղ ըլլայի եւ ամենը ջնջէի: Շատ ուշ հասկցաւ անշուշտ որ Նաիսախնամութիւնը մարդերը ջնջելու համար ջրհեղեղէն ետքը բժիշներր ղրկեց աշխարհ, որք հին ժամանակներու մէջ ջրհեղեղէն աւելի գործ տեսան, շատ ուշ հասկցաւ բայց բնութիւնը շատ կանուխ զգացուց իրեն թէ բժիշկ ըլլալու էր: Եւ արդարեւ քաջ բժիշկ ըլլալու համար նախ եւ առաջ ի՞նչ պէտք է ունենալ: Ապառաժի ձեւով սիրտ մր: Ե՞տքը: Ետքը՝ դանակ, ասեղ եւ դերձան: Ուրի՞շ: Մատիտ մը եւ կտոր մը թուղթ: Ասլանեան այս ամենն ունելով ունէր, մանաւանդ առաջինը, որու շնորհիւ