եւ թէ այնքան փոխվելու ենթակայ են որքան մարդուս դիրքը:
1874ին Երեսփոխանական ժողովոյ ատենապետութեան աթոռին վրայ ելաւ նստեցաւ: Գլուխ եղաւ ձախակողմեան անուանուած երեփոխաններուն՝ որք կը պնդէին թէ ազգին շահերը պաշտպանելու վրայ հիմնըված է իրենց կուսակցութիւնը, թէպէտ եւ աջակողմեաններն ալ պօռալէն չէին դադրեր թէ իրենք են ազգային շահուն պաշտպանները: Ձախ կողման մէջ այնչափ խորը գնաց որ աջ կողմէն եկած հիւանդները չէր բժշկեր կամ, լաւ եւս, չէր մերւցուներ: Ատեն եղաւ ուր յայտնեց թէ Սահմանադրւթեան վերաքննութիւնը ազգային շահերուն հակառակ էր. սակայն ժամանակ ալ եղաւ ուր ոչ միայն համաձայն դատեց այլ վարչութեան կազմակերպութեան համար ծրազիր մ'ալ պատրաստեց եւ Փունջ լրագրի մէջ հրատարակել տուաւ: Իւր ատենապետութեան օրովն էր որ յաջողեցաւ Խրիմեանը վար առնել Սահմանադրութեան կէտերը, ստորակէտները, բութերը չգործադրելուն համար, որոնց անգործադրելի ըլլալն ինք ալ հաստատեց վերջէն իւր պատրաստած ծրագրովը: Քանի մը անդամներ դռնփակ նիստ ընելով՝ ժողովուրդը դուրս հանեց. խորաններուն ետեւը փնտռել տուաւ եւ քիչ մնաց որ Աստուածածնայ պատկերն ալ դուրս հանել պիտի տար որպէս զի ճնշման ներքեւ չխօսին երեսփոխանները: Երբեմն ալ ատենապետութիւնը վարեց այն նաւապետին պէս որ նաւուն մրրիկի բռնըված ժամանակը օթեակը կը քաշվի եւ հրաժարական կը գրէ նաւուն տէրերուն: Ի վերայ այսր ամենայնի խոստովանինք նաեւ թէ մեծ յարմարութիւն ունի ժողովը կառավարելու... երբ մըրրիկ չկայ: Այնչափ լաւ համոզել գիտէ, այնչափ քաջ ուսած է կիրքերը յուզելու կամ, եթէ ուզէ խաղաղելու արհեստն որ, կարող է զոյգ մը աղաւնիներն իրարմէ պաղեցնել կամ, եթէ ուզէ, կատուի եւ շան մէջ սէր եւ միութիւն հաստատել: Երբեմն երեսփոխաներն իրարու հետ