ՅՈՎԶԱՆՆԷՍ ՏԷՐՈՅեՆՑ
Յովհաննէս Տէրոյենց կամ Յովհաննէս պատուելի կամ Պրուսացի Յովհաննէս կամ Յովհաննէս Տէր Կարապետեան կամ Չամուրճեան Յովհաննէս, օգնական Պետրոս Առաքեալին, աստուածաբան, մատենագիր, փաստաբան դեւերու, լեզուագէտ, մաթեմաթիկոս, խմբագիր, դասատու, կրիտիկոս, ծնած է, անցեալ դարուն վերջերը, Պրուսայի գիւղերէն մէկուն մէջ: Իւր ծննդեան հետեւեալ գիշերը ծնան դեւերն որոնց գոյութիւնն այն թուականէն ի վեր հաստատված ճշմարտութիւն մ'է:
Թուաբանական հաշուով պարտ էր իրեն կիրակի օր մը գալ աշխարհ, բայց ջերմեռանդ եւ բարեպաշտ ըլլալով ուզեց սուրբ պահել հանգստեան օրն եւ, այս պատճառաւ, քսանը չորս ժամ երկարաձգելով իւր ծնունդն հետեւեալ օրը բարեհաճեցաւ ի լոյս գալ: Ականատես եւ հաւատարիմ պատմագիրներ կ՚աւանդեն թէ, երբ մայրն եկեղեցի կ'երթար իւր սովորական աղօթքն ընելու՝ ինքն ալ մօրն արգանդին մէջ երկրպագու կ՚ըլլար Պետրոս առաքեալին պատկերին: Ոմանք այս աւանդութիւնը կը հաստատեն պատմելով թէ՝ ամեն անգամ որ դիպուածով այս առաքեալին խօսքը կը բացվէր, մօրը ցաւը կը բռնէր եւ որ չէր անցներ մինչեւ որ եկեղեցին չերթար եւ այն պատկերէն կտոր մը... չուտէր: Դրացի կիներու այն գուշակութիւններն՝ որովք կը մարգարէանային յայտնելով իւր մօրը թէ՝ տղադ կամ ձկնորս պիտի ըլլայ կամ ուրացող, լիովին կը վաւերացունեն պատմագիրներուն խօսքերուն ստուգութիւնը: Տէրոյենցին բարեպաշտութիւնը այսօր առած դարձած է, վկայութիւններու կարօտութիւն չունի: Ծնած օրէն սկսաւ