ղայի մը պէս իրեն տրված ամէն դասն առնելով տուն չէր դառնար. շատ անգամ իւր դասատուին կ՚ըսէր.
—Այս տուած դասդ աղէկ չէ. ես աղէկ տեսակէն կ՚ուզեմ:
Դասատուն կը ջանար համոզել զինքր թէ տուած դասը լաւագոյն է: Իսկ Իւթիւճեան դասատուին խօսքերուն բնաւ կարեւորութիւն չէր տար եւ կը պնդէր որ դասն առաջին տեսակէն ըլլայ: Դասատուին կ'առաջարկէր միշտ այս խօսքը. ներսէն հանէ զոր իւր հայրը կը գործածէր երբ մսավաճառէն միս առնելու երթար: Իրաւունք ունէր Իւթիւճեան այդ խօսքը կրկնելու. վասնզի այն ժամանակի դասատուներն հիմակուան մսավաճառներէն աւելի ճշմարտախօս չէին: Այս ընթացքով եւ փափաքով իւր բոլոր ընկերներն գերազանցեց հայկաբանութեան եւ սատանայութեան մէջ: 1834ին Պալատի վարժարանին հրաժեշտ տալով Գանլր քիլիսէի դպրոցը գնաց: Քանի մը տարի հոն աշակերտելով՝ կատարելապէս ձեռք բերաւ Հայկաբանութիւնն, Տրամաբանութիւնն եւ ճարտասանութիւնը: 1838ին մտաւ Ճեմարան,ուր ճեմելէն զատ բան չսորվեցաւ:
Հայրնᐠ որ շատ հարուստ չէր, զաւկին ճեմելը տեսնելով՝ գիրքերն առաւ իրմէ եւ արդուկ մը տուաւ որ անով հագուստներ արդէ: Այն ատեն ցաւօք սրտի համոզվեցաւ Կարապետ որ աշխարհաբառն ուղղելէն առաջ վերարկուներ եւ վարտիքներ ուղղել պէտք էր: Հնազանդեցաւ հօրը հրամանին ել սկսաւ խանութը երթալ: Շատ չանցաւ, հոն ալ փայլեցուց իւր հանճարը, մէկ ժամուան մէջ քառասուն վերարկու կ՚արդէր, թէպէտ եւ շատ անգամ կը խանձէր զանոնք, բայց տրամաբանութեան ուժով յանցանքը կամ երկաթին վրայ կը բեռնաւորէր կամ կրակին վրայ: Եւ այս եղանակաւ քանի համոզէր յաճախորդներն այնքան աւելի փափաք կուտար գիտութիւններու՝ զորս ուրիշները խաբելու համար ստեղծված կը կարծէր: Երբեմն Հայր Արսէնի քերթուածները կարդալու կ’զբաղէր եւ յաճախորդները ժա-