մերով սպասել կուտար: Պարապոյ ժամերուն մէջ բնաւ չէր մոռնար աշխարհաբառ գրութիւն մը գրաբառի դարձունելէն ետքը նորէն աշխարհաբառի վերածել։ Օր մ՚ալ տեսաւ որ թիկնոցին երեսը շատ հինցած էր, շրջեց զայն ու հագաւ. եւ երբ հայրն պատճառը հարցուց' պատասխանեց թէ թիկնոցը գրաբառէն աշխարհաբառի դարձուց: Բնական է որ կարդալու համար սրտին մէջ այնքան փափաք սնուցանող մէկը լաթեղէն ասպարէզն խիստ անձուկ գտնար, ուստի թողուց հօրն արուեստն եւ դասախօսութեան սկսաւ։
1845ին ազգային վարժարաններու եւ քանի մը տուներու մէջ այցելու դասատու ընդունվեցաւ: Երեք տարի այս պաշտօնն ամեն յաջողակութեամբ վարելով քիչ մը դրամ պատրաստելէն ետքը միտքը դրաւ Բարիզ երթալ ու վաճառականութեան դպրոց մտնել:
1848ին Պօլիսէն մեկնեցաւ Բարիղ երթալու համար, ուր երկու տարիուկէս վաճառականութեան վարժարանին մէջ առեւտրական գործերու վրայ կատարեալ հմտութիւն առնելէն ետքը, 1851ին Պօլիս դարձաւ ել հետեւեալ օրն ուզեց վաճառատուն մը բանալ: վաճառականութեան համար պէտք եղած ամէն բաներն ունէր, միայն ստակ չունէր: Իր դէմ ելնող բոլոր բարեկամներուն կ'առաջարկէր որ դրամագլուխ դնեն եւ իրեն հետ ընկերութեամբ վաճառականութիւն ընեն. իսկ անոնք կը մերժէին անոր առաջարկութիւնն: վհատութիւն եկաւ վրան. եւ որովհետեւ վհատութիւնն մեր ազգին մէջ մարդս կամ գերեզման կը տանի կամ խմբագրութեան ասպարէզ կր նետէ, այս վերջինին մէջ ձգվելու դժբախտութիւնն ունեցաւ:
1851ին Մասիս անունով լրագիրն հրատարակելու ձեռնարկեց: Այս լրագիրն բնաւ նպատակ չունէր հասարակութեան լուրեր տալու, այլ պարզապէս կը հրատարակվէր աշխարհաբառ լեզուն կոկելու եւ գեղեցկացնելու համար: Եթէ մինչեւ մօտ ատեններս լուրերն ամէնէն ուշ կը հաղորդէր' պատճառն այն էր որ զանոնք սահուն եւ կոկիկ