նեց իւր հաւատարիմ վսեմափայլ ձին որուն մատուցած ծառայութիւններն արդէն ծանօթ են մեր ազգայիններուն:
«Քաջայոյս ենք որ նորընտիր, հայրենասէր եւ արդարակորով ձին, իւր խոհական եւ փորձեալ քաղաքագիտութեամբը ամեն ճիգ պիտի թափէ երկրին եւ ժամանակին պահանջումներուն համեմատ, բարեկարգութիւններ ընելով ժողովրդեան յարգն ու համարումն իրեն գրաւելու:»
«Անօգուտ չըլլար յիշել նաեւ թէ վսեմափայլ ձին գէշ անօրէնութիւն մը ըրած չհամարվիր, եթէ իրեն օգնական կարգէ մեծապատիւ (այս անուն) էշն որ ծերակոյտի ժողովին մէջ մեծ ձայն ունեցած է ժամանակով, էշն որ սերելու պատիւն ունի այն ազնուական աւանակէն որ մեծ տեղ մը գրաւած է Հին Պատմութեան... ախոռին մէջ:»
Այս խմբագրական յօդուածը գրելէն քանի մը օր ետքը Ներքին Լուրերուն մէջ պիտի կարդայինք հետեւեալները.
«Ժողովուրդը շնորհակալութեան ուղերձ մը գրեց Կալիգողա բարեխնամ կայսեր իւր ձին հիւպատոս անուանելուն համար:
«Այս ինչ կառավարութեան դեսպանն երէկ հիւպատոս ձիին այցելութիւն մը տալով երկու ժամու չափ տեսակցեցաւ հետը:
«Այս ինչ կառավարութիւնն իւր խնդակցութիւնը յայտնելու նպատակաւ հիւպատոս ձիին պատուանշան մը ղրկեց: Վսեմափայլ ձին հեռագրով շնորհակալութիւն յայտնեց յիշեալ կառավարութեան:
«Երէկ գիշեր վսեմափայլ հիւպատոսին ախոռին մէջ կոչունք տրվեցաւ դիւանագէտներուն, բոլոր երեւելի ջորիներն իրենց ազնուաշուք ընտանիքներովն եւ նշանաւոր էշերն պարահանդէսի զգեստով մեծ փայլ մը կու տային սոյն շքեղ հանդէսին: էշերուն կենացը գաւաթներ պարպըվեցան:»
Այսչափով չպիտի շատանար, այլ պիտի առաջարկէր ճանճերէ զինուոր առնել, մեղուներու վրայ տուրք դնել, ուղտերը թաղապետութեան անդամ անուանել, եւ հասարակաց ապահովութեան համար մրջիւններէ ոստիկանութիւն