մը կազմել. եւ վերջապէս պիտի առաջարկէր ինչ որ այս այլանդակ կայսրը կը խորհէր։
Մենք զինքը մեղադրելու նպատակաւ չէ որ Կալիգողայի ղրկեցինք Իւթիւճեանը, այլ ցոյց տալու համար այն ընդունելութիւնն զոր կ՚ընէ ամէն Պատրիարքներու որոշումներուն եւ առիթ կուտայ ըսել տալ ուրիշներուն թէ Մասիս Պատրիարքարանի բերանն է կամ ականջն է։
Մինչեւ մօտ ատեններս չափազանց խոհեմութեամբ վարվելով՝ պահպանողական ընթացք մը բռնած էր. իսկ տարիէ մը այսինքն այն օրէն 'ի վեր որ Մասիս ամեն օր կը հրատարակվի բաց ի կիրակի օրերէն, տօնի օրերէն եւ գրաշարի հիւանդ եղած օրերէն, յարձակողական դիրք մը բռնած է: Ամեն ազատութեամբ կը խօսի այսօր ինչ որ մտքէն անցունելու կը վախնար երկու տարի առաջ: Անաչառաբար խօսելով քաջութեամբ պաշտպանեց եւ դեռ կը պաշտպանէ հայկական խնդիրն իւր քաղաքական յօդուածներովն: Երբէք առիթ չը փախցուներ հալածել ամեն անոնք որ ազգային իրաւունքներուն դպչիլ կ'ուզեն: Այս ամենն ընելով դարձեալ չէ արժանացած այն քաջալերութեան որով միայն կարող է թերթը մեծցնելով ազգին հայախօս եւ մեծ լրագիր մը կարդացնելու փափաքն իրականացնել։
Բաց ի Մասիսէն ունի երկու ընտիր թարգմանութիւններ որ մեր ժողովրդեան վիպասանութեան ճաշակ տուին: Թափառական Հրեան եւ Գաղտնիք Հաւատաքննութեան մեր ժողովրդեան բաւականէն աւելի ներկայացուցին անդրալեռնականները: Այս թարգմանութիւններու համար թարգմանիչն բաւական դափնեայ պսակներ ընդունեց, զորս քակելով տունը կը ղրկէր որ օձաձուկ առնեն եւ դափնիներուն մէջը դնելով կասկարայի վրայ եփեն․ նուիրեցին իրեն նաեւ բաւական ձիթենիներ՝ զորս շնորհակալութեամբ ընդունելով կը մըրմըրար.
—Աւելի աղէկ չէ՞ր ըլլար եթէ այսչափ ձիթենիի տեղ սափոր մը ձէթ ղրկէիք ինծի։ Ճիշդ Եզոբոսին աքաղաղին պէս որ կ՚ըսէր․