— Մարգարիտն ի՞նչ ընեմ, գարիի մը հատիկն ինծի համար աւելի կ'արժէր:
Թարգմանած է նաեւ ՎեքՖիլտի երէցն եւ Քաղաքական տնտեսագիտութիւն, որոնց ինչպէս նաեւ բոլոր թարգմանութիւններուն մէջ ցոյց կուտայ որ մեր Թարգմանիչներուն արժանաւոր յաջորդն ըլլալու պատիւն կը վայելէ:
Իւթիւճեան ոչ նուազ նշանաւոր եղած է ազգային Երեսփոխանական ժողովոյ մէջ: Անիրաւութիւն ըրած կը համարինք ինքզինքնիս եթէ չը յիշենք հոս որ ազգային պատմութեան մէջ Սահմանադրութեան հիմնողներուն մէջն անցած է նաեւ իւր անունը: Քանի մը երեսփոխաններու պէս խօսած ըլլալու համար խօսելու սովորութիւնը չունի. վասն զի ուրիշներու գլխու ցաւ պատճառելն խղճին կը դպչի: Խիստ քիչ անգամ խօսք կ՚առնէ եւ քանի մր բառի մէջ իւր միտքը բացատրելու յատկութիւնն ունի։ Իսկ անուրանալի է որ երբ ոտք ելնէ եւ ատենապետէն խօսք ուզէ այնպիսի շարժումներ կ՝ընէ որ կարծես աղայ մ՚է եւ վարժապետին կ՚ըսէ.
— Վարժապետ, գործ ունիմ:
Կարապետ էֆէնտի Իւթիւճեան, իւր ամբողջութեամբն առնելով, բարի եւ ազգին օգտակար մարգ մ՚է: Քսան եւ ութ տարիներէ ի վեր խմբագրութեամբ ազգին ծառայելէն զատ շատ մը Յանձնաժողոովներու, ժողովներու եւ Խորհուրդներու մէջ ազգին ծառայած է անձնուիրաբար եւ նոյնչափ տարիներ եւս պիտի ծառայէ եթէ իւր կազմին նայինք: Երկչոտութիւնը թողլով քաջութիւնը ձեռք առած է, թէպէտեւ աս ալ ճշմարիտ է որ աղուէս ձեւանալ չմոռնար երբ ագռաւ մը տեսնէ: Իբրեւ խմբագիր մեծ թերութիւններ կրնայ ունենալ, բայց իբրեւ սխալական մարդ մեծ առաւելութիւններ ունի: Մէկու մը վնաս տալ չուզեր, սակայն ամենէն ալ օգուտ քաղել կը փափաքի: Ուրիշներու բարիք ընելու չզլանար եթէ պարագաները թող տան: Կը սիրէ այն ամեն գործերն որ բարի, գեղեցիկ եւ օգտա