Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/62

Այս էջը հաստատված է

կար են. իսկ կը պաշտէ երբ գեղեցիկ են: Եթէ դէմքէն դատես զինք վճիռ կ'արձակես թէ անմատչելի մէկն է. իսկ երբ օր մը հետը տեսնըվելու պատիւն ունենաս տուած վճիռդ յետս կը կոչես եւ կը խոստովանիս որ այս մարդուն դէմքը սրտին հետ հակասութեան մէջ է: Ցաւ է մեզ սակայն խոստովանիլ որ եթէ գրիչով մէկու մը դէմ գրելու որոշում տայ չխայթեր այլ կը վիրաւորէ: Աքիլլէս միայն կըրնայ դէմ դնել անոր հարուածներուն: Վերջին օրերս յանձն առած է Ղալաթիա տպվող լրագիր մը կրթելու: Յիշեալ լրագրին մարգարէ խմբագիրն որ միշտ գուշակութիւններ կ՚ընէ բնաւ չէր գուշակած Մասիսէն խրատվելուն պէտքը:

Իւթիւճեան էֆէնտին երկար հասակով թուխ դէմքով, սեւ ընքուիներով եւ աչերով քաջառողջ մարդ մ՚է: Սովորութիւն ունի փողոցը քալած ժամանակ միշտ գետինը նայիլ. կարծես բաժանորդ կը փնտռէ: Իսկ երբ գլուխն վեր առնէ այն դէմքը կունենայ երբ Շիրքէթի շոգենաւերէն մէկուն մէջ նստած ժամանակդ քովէդ հարիւր քսան օխանոց մէկը անցնելով ուժով ոտիդ կոշտին վրայ կոխէ եւ անցնի երթայ առանց ներողութիւն խնդրելու։