ձանք, զորս արդի վեհափառ Գէորգ կաթողիկոսն մեր ազգին համար բաւական չհամարելով՝ փորձանք մ՚ալ ինք աւելցուց եպիսկոպոսութեան աստիճան տալով անոր:
Արդ, Մկրտիչ եպիսկոպոսը ծնած է Տիգրանակերտ 1815 թուականին:
Ի ծնէ վառվռուն եւ բարկարգութեան սիրահար գալով վայրկեան մը հանգիստ չէր մնար: Շաբաթը երեք անգամ տունը կը լուար, կը մաքրէր, կ՚աւլէր, պատին վրայ բեւեռ մը գամելու համար տանը հիմերուն բեւեռները կը քակէր բարեկարգելու համար տունն՝ որ վանքերէն աւելի հաստատ հիման վրայ շինուած ըլլալուն պատճառաւ չէր կործանվեր: Մայրն զաւակին ըրած բարեկարգութիւններէն ձանձրանալով՝ բռնեց զինքը Կոնոնոսի վանքը ղրկեց:
1827ին կը մտնէ Կոնոնոսի վանքը: Բաւական տարիներ հոն կերակրվելէն ետեւ ձեռք կը զարնէ վանքը բարեկարգելու. իսկ երբ կը տեսնէ որ մէկ կողմէն Վանքը յօժարութիւն ցոյց չտար բարեկարգվելու, եւ միւս կողմէն Վանահայրն յարգը չճանչնար իր ծառայութիւններուն՝ որովք վանքն օր ըստ օրէ ետ ետ կ՚երթար, կը թողու այս ագարակն անիծելով մարդերու ապերախտութիւնը: Չվհատիր սակայն, միտքը կը դնէ Վանք մը փնտըռել, ինչպէս որ ամէն մարդ գործ մը փնտռէ ոչ այդ գործով ապրելու, այլ այդ գործը բարեկարգելու համար:
1837ին Մշոյ Ս. Կարապետի վանքը կ՚երթայ: 1839ին վարդապետ կը ձեռնադրվի եւ իւր ապաշխարանքը կը քաշէ Կաղ Գրողին օճախին մէջ: — Աւանդութիւն մը կայ թէ սատանան տարին քանի մը անգամ այդ օճախը կուգայ ել անոր մոխիրը կը խառնէ եւ թէ այս է պատճառը որ յիշեալ Վանքին մէջ խռովութիւնն միշտ անպակաս է: Ուրիշ աւանդութեան մը նայելով՝ Մկրտիչ եպիսկոպոս այդ օճախին մէջ ապաշխարանք քաշած ժամանակն երբ սատանան կուգայ մոխիրը խառնելու՝ ապաշխարողէն վախնալով կը փախչի, եւ Մկրտիչ եպիսկոպոս կ՚սկսի այս մոխիրը խառնելու: