1841ին ձանձրանալով Վանքին մէջ անգործ մնալէ, ճամբայ կ՚ելնէ Քիւրտստանի բարեկարգութեան համար, ինչպէս կը գրէ ինք իւր Հայելի Գործոցին մէջ, հայելի մը որ դժբախտաբար շատ լաւ կը ցուցնէ անոր պատկերը: Քիւրտստանի բարեկարգութեան խնդիրն, ինչպէս յայտնի կը տեսնըվի, Տիգրանեանի օրով ծնած է: Հայաստանի վանքերուն եւ Քիւրտստանի բարեկարգութեան վրայ տասներեք յօդուածներէ բաղկացեալ կանոնագիր մը կը խմբագրէ, եւ երբ անոնց գործադրութեանը պիտի ձեռնարկէր, իւր դէմը կը տեսնէ Տօն Քիշօթի օդային ախոյեանները, որոնց դէմ թէպէտ եւ քաջութեամբ կը կռուի բայց յաղթըվելով ետ կը դաոնայ:
Այս պարտութիւնն զինք սուրբ Յովհաննէսի վանքը կը նետէ: Եւ որովհետեւ առանց պարտքի վանք չըլլար, այս վանքն ալ ունէր իրեն պարտքերն՝ որոնց վճարման համար վանահայրէն կ՚աղաչվի Մկրտիչ եպիսկոպոս երթալ Պաղտատ ու Պարսկաստան հանգանակութիւն ընել: Տիգրանեան ո՛չ միայն Պաղտատ ու Պարսկաստան կ’երթայ, այլ Կիլիկիոյ կողմերն ալ երթալով ցամաքէն Պօլիս կուգայ 1844ին միշտ հանգանակելով:
Հանգանակութիւնը գոհ չըներ Նորին Գերապատուութիւնը որ կը փափաքի Քիւրտստանի—Հայաստանի չհասկընաք—տղայները դաստիարակել. Պատրիարքէն կոնդակ մը կ՛առնէ, ուրիշէ մ'ալ ութը հազար դահեկանի արժողութեամբ դասագիրք նուէր առնելէն ետքը, Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ կ'սկսի նորէն հանգանակութեան, Նիկոմիդիայէն ցամաքէն մինչեւ Տիգրանակերտ ուր կը հասնի 1845ին: Ինք ալ իբրեւ Քիւրտստանի տղայ դաստիարակութեան պէտք ունենալով բնական էր որ անբաժ չմնար հանգանակած գումարէն: Իւր խոստովանութեանը նայելով՝ ամբողջ Քիւրտստանի մէջ վարժարաններ կը շինէ... օդի մէջ: Սիլվանայ մէջ կը փափաքի վարժարան մը հաստատել... գետնի վրայ. բայց այս գորձը քիչ մը