դժուար ըլլալով փափաքն չկրնար իրականացնել, մանաւանդ թէ Սիլվանաբնակ ազգայիններն հայերէն չէին գիտեր․ անխնամ, անհովիւ եւ անտէրունջ մնացած էին: Այս ժողովրդեան համար հասարակօրէն կ՚ըսեն եղեր.
|
Այնպիսի գեղի մը մէջ, որուն վրայ ասանկ ոտանաւոր մը կը զրուցվի, վարժարան բանալը յայտնի է թէ որչափ դժուար գործ մ՚է: Լաւ չենք յիշեր Սղերդի՞ մէջ թէ երազին մէջ ալ վարժարան մը կը բանայ. սակայն լաւ կը յիշենք որ Սղերդի մէջ են եէզիտի աղանդաւորներն որոնք սատանային համար գէշ չեն ըսեր եղեր: Դիտողութեան արժանի է որ յիշեալ աղանդաւորները Մկրտիչ եպիսկոպոսին վրայօք ալ գովեստով կը խօսին:
Սակայն մարդը հանգիստ չեն թողուր որ ամեն բան կարգադրէ: Մշոյ եւ Տիգրանակերտի առաջնորդներէն առնված տեղեկութիւններուն վրայ Պատրիարքարանէն հրաման կ՚երթայ որ կոնդակն Մկրտիչ եպիսկոպոսին ձեռքէն առնըվի եւ ինքն ալ Վանքի մէջ բանտարկվի: Մկրտիչ եպիսկոպոս կ՚իմանայ այս լուրն, եւ փոխանակ ձերբակալվելով վանք տարվելու, յօժար կամքովը անձնատուր ըլլալու համար ճամբայ կ՚ելնէ, սակայն ճամբան մոլորելով Մշոյ վանքը երթալու տեղ Կ. Պօլիս կուգայ երկրորդ անգամ 1845ին: Ս. Պատրիարքին կը ներկայանայ եւ կը հարցնէ թէ ի՛նչ են իր յանցանքները: Պատրիարքն՝ որ գիտէր թէ իւր հարցման պատասխանելը անօգուտ էր, դուրս հանել կուտայ զինքը: Ամիրաներն որ շատ անգամ գործերն անուշութեամբ կարգադրելու սկզբունքին կը հետեւէին, Քիւրտիստանի վեց վանքերու անկախ առաջնորդ կ՚անուանեն Տիգրանեանն որ կոնդակն առնելուն պէս ճամբու պատրաստութեան կ՚սկսի:
1846ին ճամբայ կ՚ելնէ․․․ դժբախտութիւնն ալ ետեւէն: