Պօլիս գալու հրաւէր կ'ընդունի. որուն վրայ կ՚ելնէ չորրորդ անգամ Պօլիս կուգայ. բայց նորէն օձիքը կ'ազատէ եւ վարպետութեամբն ինքզինքն Եօզղատի առաջնորդ ընտրել կ՚ուտայ: Հազիւ թէ իւր պաշտօնատեղին կ՚երթայ, պսակի խնդիր մը կը յարուցանէ հոն եւ հինգերորդ անգամ Պօլիս կը բերվի: Այս անգամ քիչ մը խիստ կը վարվի. ազգային վարչութեան դէմ բողոքող աղերսագիր մը կուտայ Կայսեր: Կառավարութենէն հրաման կ՚երթայ Պատրիարքարան որ Սրբազան Պատրիարքը Բ. Դուռն երթայ եւ Տիղրանեանի հհետ դատվի: Ամիրաները գործին կը միջամտեն եւ մեծ նեղութեամբ կը յաջողին ազգին իրաւունքները պաշտպանելու Տիգրանեանի դէմ որ ազգին իրաւունքներն պաշտպանելու նպատակաւ դատ բացած էր ազգին Պատրիարքին դէմ: Պատրիարքարանն այն ատեն կը ամոզվի որ անկարելի է այս փորձանքին հետ վարվիլը. 'Քիւրտստան կը ղրկեն զայն. բայց հոն ալ նորէն մոխիր կառնելով կ՚ստիպէ Պատրիարքարանն որ զինքը Պօլիս բերել տայ' ուստի 1858ին վեցերորդ անգամ մայրաքաղաքը կը մտնէ:
Այս թուականին Սամաթիոյ Եէնի Մահալէի քարոզիչ կը կարգվի. բայց քարոզչութեամբ չկրնալով ապրիլ կ՚սկսի հրաշագործութեան: Կաղեր, կոյրեր. խուլեր, համրներ, այսահարներ, անդամալոյծներ կը բժշկէր: Ամեն օր հիւանդներ կ'երթային իրեն:
—Հայր սուրբ, իմացանք որ դուք ամեն ցաւերը կը փարատէք:
—Հրամեր էք օրհնած:
—Քանի մը շաբաթ է ի վեր գլխու ցաւ ունիմ, կ՚ուզեմ որ փարատէք:
—Գլուխդ թէ ցաւդ:
—Գլուխս, հայր սուրբ, գլուխս։
—Շատ լաւ, ինձի համար երկուքն ալ միեւնոյն բանն են: Եկո՛ւր խաչահանգիստ մը ընեմ:
Մարդը կը մեկնի եւ քանի մը ժամէն ետքը անդիի աշխարքը կ'երթայ: