թանայ... անտառներու մէջ: Երբ Ներսէս արքեպիսկոպոս Պատրիարքական գահուն վրայ կը բարձրանայ' կը գրէ Վեհափառ Կաթողիկոսին որ շնորհ ընէ եւ հրաշագործն իւր իշխանութեանը տակ առնէ: Վեհափառ Կաթողիկոսն' որուն աւելի արժանի էր եօթն փորձանք' չուզեր զայն իւր քովը պահել յայտնելով թէ ինք արդէն բաւական ունի անոնցմէ: Տիգրանեան տեսնելով որ Ազգն դժուարութիւն կը յարուցանէ իւր վրայ փորձանք հրաւիրելու մասին՝ առանց հրաւէրի կ'ելնէ դարձեալ Կ.Պօլիս կուգայ, ուր կը գտնվի այժմ Սամաթիոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցին քարողչութեան պսւշտօնով:
Այս է ահա Հրաշագործին կեանքը՝ որուն մէկ քառորդն անցած է ճանբորդութեան մէջ, մէկ քառորդը բանտերու մէջ, մէկ քառորդն մոխիր խառնելու մէջ եւ միւս քառորդն ալ ստակ հաւաքելու մէջ:
Շատ բաներ գրված եւ զրուցուած են այս անձին վրայ: Լրագիրները հրատարակած են երբեմն որ իր փոքրաւորներէն մին, ընդհանուր սովորութեան համեմատ, շրջազգեստ հագնելու տեղ սխալմամբ բանթալօն կը հագնէր: Շատերը պոռացին այն ատեն թէ այդ փոքրաւորն իգական սեռէ էր .բայց ինքը հերքեց այդ զրպարտութիւնն սա փաստերով թէ հագուստը յօդ մ’է. բանթալօնը արական գոյականներու վրայ կը դրվի իսկ շրջազգեստն իգականներու վրայ. ուստի քանի որ իւր փոքրաւորն բանթալօն կը հագնի, քերականութեան կանոնին համեմատ արական է ել ո՛չ իգական. սակայն խմբագիրներն որ քերականութիւնը շատ չեն յարգեր այս բացատրութիւնր գոհացուցիչ չգտան:
Հրաշագործն գիտնական մ'է. սակայն շատ խնդիրներու մէջ կը տարբերի դարուս միւս գիտուններէն: Օդը չէ որ, կ'ըսէ, շրջապատուած է մեր բնակած երկրագունտն, այլ խաբէութիւնն որ՝
Անօսր է, վասն զի հաշիւներու ամենափոքր մասերու մէջ կրնայ մտնալ: