Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/73

Այս էջը հաստատված է

Տարածական է, վասն զի պարագաներու համեմատ իւր նախկին ծաւալէն աւելի մեծ ծաւալ կրնայ ունենալ։

Թափանցիկ է, վասն զի շատ մը կրօնաւորներ անոր մէջէն կ՛անցնին:

Առաձգական է, վասն զի կրնայ ճնշվիլ Պատրիարքարանէն բայց նորէն իւր առաջին ծաւալը կ՛առնէ:

Գիտնականութեան շնորհիւն է որ մինչեւ այսօր այնչափ պաշտօն վարեց. եւ մօտերս Պաղտատու առաջնորդ պիտի անուանվի այն տեղի ազգայիններն առաջ տանելու համար:

Ոմանք կ՛ուզեն հաւտացնել թէ Հրաշագործն, որուն ճակատէն վաթսուն հինգ շնիկ աստղ անցած է, ազգն այնչափ տարիներ զբաղեցնելուն վրայ շատ զղջացած է եւ թէ որոշած է փորձանք ըլլալ այն ամեն անձերու որոնք ազգին շահն ոտնակոխ ընել կ՛ուզեն:

Մկրտիչ եպիսկոպոս Տիգրանեան միջին հասակով, թուխ դէմքով եւ փոքր աչերով մարդ մ՛է: Փողոցը գնացած ժամանակն այնպիսի ուշադրութեամբ կը նայի մարդուս երեսը, որ կ՛ստիպվիս ձեռքդ բաճկոնիդ տանելու՝ նայելու համար թէ ժամացոյցդ քո՞վդ է: Եթէ իւր դէմքն կարելի ըլլայ կենդանի գոյներով նկարել՝ մեր առջեւը կ՛ունենանք պատկեր մը որ կարծես մեզի կ՛ըսէ. կր բարեհաճի՞ք ձեր քսակն անուշոլթեամբ ինձի տալու, որպիս զի ձեզի քահանայ ձեռնադրեմ:

Իւր ամենէն նշանաւոր կարծիքներէն մին ի բոլոր աշխարհականները կրօնաւոր ընել: Այս եղանակով, կ՛ըսէ, աշխարհականները հոգեւորապէս մխիթարվելու համար քահանաներու դիմելու հարկ չեն ունենար եւ իրենք զիրենք կը մխիթարեն: Այս համոզմամբ է որ 4000էն աւելի քահանայ ձեռնադրած է: