Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/74

Այս էջը հաստատված է

ՅՈՎՍԷՓ ՇՒՇՄԱՆեԱՆ

1820 թուականին — Քրիստոսէ ետքը, Հասունեանէ առաջ — Աբբայեան վարդապետները Հայ եկեղեցին կուգային եւ իրարմէ բաժնված եղբայրներուն մէջ սէր եւ միութիւն քարոզելով հերետիկոսութիւն կը տարածէին: Աբբայաններուն այս ընթացքն, որ թէպէտ ել համաձայն էր Քըրիստոսի տեսական աւետարանին, բայց տարաձայն ըլլալով Սրբազան Պապին գործնական Աւետարանին՝ կատաղութիւնը հրաւիրեց Քոլէճեաններուն որոնք Վատիկանու Աւետարանը կը գործածեն միշտ իբրեւ լաւագոյն դասագիրք... ժողովրդեան մէջ երկպառակութիւն ձգելու: Ուստի Քոլէճեան կուսակիցներէն գաղատացի մը Հայ կը ձեւանայ եւ կ՚սկսի Կեսարացի կօշկակարներուն խանութները պտըտիլ ծոցն ունենալով Սրբազան Պապին մէկ պատկերը: — Բայց ոչ այն ծիծաղաշարժ պատկերներէն որոնք այսօր գրավաճառներու քով կը վաճառուին եւ Պապերը կը ներկայացնեն կամ սեղանի մը առջեւ նստած օղի խմելով, կամ պատի մը ծակէն կին մը... խոստովանանք ընելով —: «Ինչո՞ւ անհոգ նստած էգ, եղբայրներ կը պօռայ անոնց, Պատրիարքը Լուսաւորիչն ուրացաւ եւ Պապն ընդունեց, տեսէք այս պատկերը, Լուսաւորչին կը նմանի՞: Ա'լ ասկէ ետքը սրբալոյս միւռոն չկայ, մեր զաւակները կամ ձէթով պիտի օծվին կամ ձկան իւղով: Լռելու ժամանակ չէ, ոտք ելէք ո՛վ կօշկակարներ, եւ պաշտպանեցէք Լուսաւորչին... կօշիկները:» Այս բեմբասացութեան վրայ կօշկակարներն ուրիշ ընկերներ ալ կը գտնեն, հետեւեալ օրը Պատրիսւրքարան կ՚իջնեն եւ ազգը տակնուվրայ կ՚ընեն: Խռովայոյզ գաղատացին որ ամեն տուներ կը մտնէր՝ գիշեր մը կը գտնվի տան մը մէջ ուր ներկայ էր նաեւ Շիշ-