1844ին Կ. Պօլիս Միջագիւղի Ս . Լուսաւորչեան վարժարանին մէջ դասատու կարգվեցաւ Հայերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներու: Այս պաշտօնն առիթ տուաւ իրեն որ Պապերն ամեն օր հարուածէ... աշակերտներու առջեւ: Վարժութեան համար ինք կը պատրաստէր օրինակներ՝ որոց մէջ անպատճառ Պապ մը պիտի ապտակվեր: 1846ին դեղագործութիւն սորվելու համար դեղագործի մը քով գնաց: Իւր մտքին այն յատկութեամբն որով ամեն բան շուտ կ՚ըմբռնէ, քիչ ժամանակի մէջ գործնականապէս սորվեցաւ դեղագործութեան արհեստը: Եւ որովհետեւ մեղք կը համարէր Գերապայծառ Հասունեանը հարուածելու համար առիթ փախցունելը. գրգռիչ դեղերու ամաններուն վըրայ Հասունեան կը գրէր։ Կը պատմվի թէ օր մը բժշկի մը մէկ դեղագիրը կը պատրաստէ եւ հիւանդին կը յանձնէ դեղն որ զօրաւոր լուծողական էր: Մարդը տուն կ՚երթայ, դեղը կը խմէ եւ արդիւնքին կ՚սպասէ: Չորս ժամ կ՚անցնին, դեղն իւր զօրութիւնն չցցուներ: Վեց ժամ կը սահին, դեղն անզօր է, կարծես Պատրիարքարաններէ Բ. Դուռը ղրկված թագրիր մ՚է. բնաւ ազդեցոլթիւն չըներ եւ վերջապէս մարդը կ՚ստիպվի դեղարան երթալ եւ Շիշմանեանիհարցունել.
—Եղբայր, տուած դեղդ ի՞նչ էր:
—Դեղագրին մէջ գրուածն էր:
—Բնաւ ազդեցութիւն չըրաւ:
— Անկարելի է:
—Բժիշկն ըսած էր թէ այդ դեղը ուժով էր...
— Այո՛, լուծողական դեղերուն մէջ ամենէն զօրաւորն է:
— Ինչու՞ չազդեց ուրեմն:
— Ի՞նչ գիտնամ․․․ Հասունեանի մատ ըլլալու է այս գործին մէջը:
Մարդը ծիծաղելով կը մեկնի: Շիշմանեանը քանի մը ամիս ետքը կ'իմանայ որ լուծողականի տեղ պնդեցուցիչ տուած էր որ Աննմանի դրութեամբ պէտք էր լուծումն