տալ: Վասն զի բժշկական երկու դրութիւններու համեմատ միեւնոյն դեղը թէ' քուն բերող է եւ թէ' քուն փախցընող. քնացողին քունը կը փախցունէ • օրինակի համար եթէ մեր Ընդհանուր ժողովին տրվի' իսկոյն կ'արթննայ. բնաւ քնացողին ալ քունը կը բերէ, կարծես Աւետաբեր մ’է. այս աստիճան զարմանալի յատկութիւններ ունին այս դեղերը: Բայց մենք թողունք բժիշկներն իրարու գլուխ պատռել եւ դառնանք մեր պատմութեանը: Շիշմանեան քա֊ ջալերուելով այս գործած սխալէն' որուն համար պատիժ մը չկրեց, միտքը դրաւ Փարիզ երթալ եւ բժիշկ ըլլալ: Սակայն մարդս մտքին մէջ բան մը դնելով ամեն ուզածը չկրնար ընել, պէտք է գրպանին մէջ ոսկի դնել:Շիշմանեան գրպան ունէր բայց ոսկի չունէր եւ կը խորհէր թէ ի՛նչ հնարքով կարելի էր հասնիլ առաջադրած նպատակին: Յանկարծ խորհուրդ մը յղացաւ, այն է Փարիզ Մուրատեան վարժարանին մէջ դաս տալ եւ բժշկական դպրոցին մէջ դաս առնել... ճիշդ կրկնատոմարի դրութեամբ: 1848ին Փարիզ ուղեւորեցաւ եւ սկսաւ գործադրել ինչ որ առաջադրած էր: Տըուած դասերովը կ՚ապրէր իսկ առած դասերովն օր մը ուրիշներն պիտի ապրեցունէր: Քանի մր տարուան մէջ մեծ յառաջդիմութիւն ըրաւ բժշկութեան մէջ. մանաւանդ ջղային ճիւղին մէջ այնչափ յառաջ գնաց որչափ գացին մեր. փոխառութիւնները: Կատարեւսլ բժիշկ ըլլալէն ետքը դպրոցէն ելաւ եւ, ինչպէս որ սովորութիւն է, թեզ մր գրեց որուն մէջ խօսեցաւ ազգային միութեան վրայ։ Վարժարանէն նոր ելած բժշկի մը բերնէն առաջին անգամ ազգային միութիւն բառերը լսվելուն պէս՝ շատերը զարմանքով իրարու հարցնել սկսան թէ' առողջաբանութեան հետ ինչ վերաբերութիւն ունի ազգային միութիւնը, սակայն վերջը համոզվեցան թէ ազգերն ալ ապրելու համար միութեան դէզի պէտք ունին՝ Վկայականը ծոցը դնելուն պէս ելաւ Պօլիս եկաւ 1853ին: Ոստիկանութեան բժիշկ եղաւ: Ամեն օր մարդասպաններուն գտնված սենեակը կ՚երթար եւ անշուշտ քանի
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/77
Այս էջը հաստատված է