մը մարդ ալ ինքը կը սպաննէր ... որովհետեւ ամեն հիւանդ չբժշկվիր. եւ ինչո՞ւ չսպաննէ քանի որ վկայական ունի: Մեր ազգայիններն որ ամեն օր լրագիրներու մէջ կը կարդային մարդասպան քիւրտերու ըրած սպաննութիւններն՝ կ՚ըսէին իրենք մտքէն, ահ, թշուառականներ, Շիշմանեանի պես մեկը ղրկելու է ձեզի: Բայց Շիշմանեան որ պատմագէտ գրագէտ եւ ատենաբան էր, բնաւ չէր փափաքէր բժշկական ասպարէզին մէջ փայլիլ. ինքը միայն իրարմէ բաժնված եղբայրներն ինչ կերպով միացնելու վրայ կը խորհէր: Արդէն 1851ին նամակ մը գրելով Հ. Ղեւոնդ վարդապետ Յովնանեանցին յայտնած էր այս բաժանումը վերցնելու համար իր կարծիքներն՝ զորս բառ առ բառ կը տարագրենք հոս.
«Նախ ազգին մեծ մասը պզտիկ մասին հետեւցնել այսինքն բոլոր Հայ ազզը Պապական ընել.
Երկրորդ՝ ազգին պգտիկ մասը մեծ մասին հետեւցնել. այսինքն բոլոր Հայ ազգը Էջմիածնայ կաթողիկոսին հնազանդեցնել:»
Այս երկու ճամբաները ցոյց տալէն ետքը ազգին մեծ մասը պզտիկին հետեւցնելու համար անկարելիութիւն կը տեսնէր. վասն զի կ՚ըսէր, ազգին մեծ մասը ինքնիրեն մնալով ազգ մը կրնայ ձեւացնել, երբ պզտիկ մասը աննշան եւ անանուն ժողովուրդ մը կրնայ մնալ եւ ոչ տապանագրի արժանի: Այս տողերէն կ'ուզէր հասկցնել Շիշմանեան որ եթէ ազգին պզտիկ մասը մեծ մասը ըլլար՝ առաջին ճամբան գործադրելի պիտի առաջարկէր, այսինքն բոլոր Հայ ազգը տանիլ յանձնել Հռովմայ աթոռին եւ դժբախտ բաժանման պատճառն վերցընելու համար, ամբողջ հայ ազգը վերցընել աշխարհէն... ազգը միացնելու համար: Եւ որովհետեւ այս տեսակ միութիւնը շատերու ճաշակին դէմ էր՝ թող տուաւ առաջին ճամբան եւ փափաքեցաւ որ պզտիկ մասը առնէ, վրան քիչ մը սոսինձ քսէ եւ բարակ թելով մը մեծ մասին փակցունէ. ինչպէս կը փակցունեն Հրեաները կոտրված հողէ ամանները: Կը վռնտէր ժամանակն եւ անոր պաշտօնն իր