Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/81

Այս էջը հաստատված է

Կը պատմըվի թէ օր մը Հակահասունեան բժիշկի մը հետ խորհրդակցութեան կը հրաւիրվի հիւանդի մը տունը: Հիւանդը քննելէն ետքը իւր ընկերին հետ ուրիշ սենեակ մը կը մտնէ տրվելիք դեղին վրայ խորհրդակցելու համար. նախ Շիշմանեան խօսք կ՚առնէ.

—Նստէ նայինք:

—Շնորհակալ եմ:

—Ի՞նչ կարծիք ունիք։

—Նախ եւ առաջ հրամանքնիդ ըսէք։

—Ես կարծեմ թէ ա՛լ չյաջողիր ռէվէրսուրուսը։

—Ես ալ այն կարծիքն ունիմ, բայց չեմ կարծեր որ . . .

Տան Տիկինը ներս կը մտնէ.

—Դեղագիրը գրեցի՞ք:

—Հանգիստ եղէք, Տիկին, անոր վրայ կը խորհրդակցինք, կը պատասխանէ Շիշմանեան:

Տան Տիկինը դուրս կելնէ:

— Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ կ՚ըսէ միւս բժիշկը, պարտաւոր ենք Հասունեանի դէմ մինչեւ վերջը մաքառիլ:

—Այո՛, մինչեւ որ ամբողջ ժողովուրդը հասկնայ անոր բռնած ընթացքը:

—Սիկառ մը կը շինէ՞ք:

—Շնորհակալ եմ չեմ գործածեր կերակուրի վրայ:

—Ճաշ ըրա՞ծ էք:

—Այո՛, աղուոր պիֆթէք մը կերայ...

Հիւանդին եղբայրը սենեակին դուռը զարնելով ներս կուգայ.

—Դեղագիրը կուտա՞ք, գլխուն ցաւը նորէն բռնեց, կը չարչարվի... կ'աղաչեմ:

—Հիմայ հիմայ, կը պատասխանեն երկու ընկերները:

—Այս տեղ չպիտի կրնանք խօսիլ դեղագիր մը տանք ու երթանք: Մատիտն եւ թուղթը հանեցէք Տէր բժիշկ, կ՚ըսէ Շիշմանեան:

— Դո՛ւք գրեցէք, քանի որ հիւանդը ձերն է: