Այս էջը հաստատված է
կը ծածանին եւ բարերարի մը կ՚սպասեն որ սանտրըվին: Մտաւորական աշխատութիւններն ստիպած են զինքը գլուխը ծռելու, որով միշտ գետինը կր նայի եւ բարձր նիւթերու վրայ կը խորհի: Գրեթէ միշտ ի ձեռին ունի հովանոց մը՝ զոր անձրեւի ատեն չբանար որպէս զի չթրջվի հովանոցը. արեւուն ալ չբանար, բայց երբ գիշեր ատեն լապտերով դուրս ելնէ՝ կը բանայ Հովանոցն որպէս զի լապտերին լոյսն արգիլէ որ վեր չելնէ: Թեւին տակը միշտ ունի լրագիրներ, թուղթեր եւ գիրքեր, զորս այնչափ տարիներէ ի վեր կը կարդայ եւ չկրնար լմնցնել:
Շիշմանեան էֆէնտին միջին հասակով, ո՛չ ճերմակ եւ ո՛չ թուխ դեմքով մարդ մ՚է: Զայնը Հաստ է, եթէ օբերայի թատրոնի մը մէջ պասօյի դեր կատարէր՝ հինգ հազար ֆր. ամսական կ՚առնէր: Այնպիսի դէմք մը ունի որ կարծես փռնգտալ կ՚ուզէ եւ չկրնար: