Կարապետ Յ. Փանոսեան, Խմբագիր-ՏնօրԷն «Մանզումէի Էֆքեար» էսեՖէնկիզ լրագրո ՏԷր-ՏնօրԷն Ագապեան տէհշեթամիզ վարժարանի, ծնած Է Կեսարիա 1Տ36 թուականին: Իւր անհամբեր ու նեղ սիրտ բնաւորութիւնը գիտցողները կրնան գուշակել թէ ինն ամսուան մէջ որչափ չարչարած Է իւր մայրը, արդեօք քանի քանի անգամներ փախչել փորձած Է։ Եւ արդարե՛ւ ինն ամիս արգանդի մէջ բանտարկվիլը մեծ ժամավաճառութիւն էր Փանոսեանի համար որ ինը ժւսմուան մէջ ինը հարիւր փոխառութիւն եւ ինը հազար հայհոյութիւն կրնայ ընել: Ուստի բնաւ թերհաւատութիւն ընելու չէք երբ ըսեմ ձեզ թէ Փանոսեան մորն արգանդին մէջ սկսաւ խորհրդածել թէ ի՛նչ հնարքով կարելի Է որ մարգ մը մօրն արգանդին չհանդիպելով ուղղակի աշխարհ գայ: Ասոր վրայ կր խորհէր եւ պատրաստված էր յօդուած մ՚ալ գրել երբ մանկաբարձն իրեն իմացուց պայմանաժամին լրանալը:
Փանոսեան աշխարհ գալուն պէս աչերը բացաւ եւ պօռաց: Ի՜նչ թանձր տգիտութեան մէջ եմ մնացեր։ Բարեկարգութեան եւ ազատութեան ջերմ սիրահար ցոյց տուաւ ինքզինքն` ոտներն ու ձեռներն միշտ դուրս հանելով խանձարուրէն: Դպրոցասէր ըլլալն ալ հասկցուց իւր մանկական հասակին մէջ: Հազիւ չորս տարեկան կար, խաղի թուղթերէն դպրոցներ կը շինէր, դրացիներու տղայներէն դրամ, կարասիք եւ այլն կը ժողվէր ի նպաստ իւր շինած վարժարաններուն եւ գրպանը կը նետեր: Հայրն ու մայրը նկատելով որ իրենց զաւակն փառաւոր ապագայ մր կը խոստանայ — թէպէտ եւ վերջէն հասկցվեցաւ որ շատ հաւատք ընծայելու չէ անոր խոստումներուն — կ՚որոշեն Կ.