րութիւն ունէր։ Հազիւ չորս տարեկան կար, դրացւոյն տղայներն իւր տունը կը հրաւիրէր եւ անոնց հետ կրօնական խաղեր կը խաղար, նման այն խաղերուն զորս երբեմն խաղալու չմոռնար: Աթոռի մը վրայ բազմելով քարոզ խօսելու համար մեծ փափաք ունէր, իսկ երբ այդ աթոռը պատրիարքական ըլլար՝ հոգին կուտար:
Հայրը տեսնելով որ տղան վարդապետ ըլլալու սիրով կր տոչորի, ինչպէս որ նոյն սիրով կը տոչորին միշտ եօթը տարու տղայներէն ոմանք, որոշեց Վենետիկի վանքը ղրկել զինք. եւ քիչ ատենէն այս որոշումը գործադրեց առագաստանաւոր նաւու մը յանձնելով իւր զաւակն 1847ին:
Երբ Վենետիկ հասաւ Խորէն ու վանահօր ներկայացաւ, վանահայրն, անոր շարժումները դիտելով, յայտնեց թէ անկարելի էր զայն դպրոցի մէջ առնելը. որովհետեւ, աւելցուց, վանքին տրամադրած օրէնքներուն հակառակ էր իգական սեռէն աշակերտ ընդունելը: Մեծ դժուարութիւն կրեցին համոզելու համար վանահայրն թէ աղջիկ չէր իրեն ներկայացվողը: Երկրորդ օրը վանքին դպրոցը ղրկվեցաւ Խորէն, ուր քիչ ժամանակի մէջ հսկայաքայլ յառաջ գնաց այն ամեն գիտութիւններու մէջ, որոնց շնորհիւ մարդս կը յաջողի սիրելի ընել զինք ռամիկներու: Մեր պաշտօնին հաւատարիմ մնալու համար պարտաւոր ենք հոս յիշել որ այն ատեն որչափ սրամիտ նոյնչափ ալ խառնակիչ էր Խորէն: Վանահօր ականջներն ա՛լ խուլցած ըլլալով այն տրտունջներէն զորս Խորէնի դէմ կ՛ընէին իւր դասընկերները. որոշուեցաւ որ ի պատիժ իւր անվայել վարքին, վարդապետ ձեռնադրվի: Այս ըլլալու էր խելօք չկեցող աշակերտներուն համար վանքին սահմանած պատիժը:
Վանքին մէջ քանի մր տարիներ վարդապետութիւն ընելէն ետքը—սենեակ մը քաշվելով քարոզ տալու վարժութիւն ընելէն ետքը—զգաց թէ վանքը խիստ անձուկ ասպարէզ մ՚էր համեմատօրէն իւր ընդարձակ հմտութիւններուն' որովք օր մը փայլ պիտի առնէր իւր անունն պճնասիրութեան