ի՛նչ օգուտ. ճշմարտութենէ աւելի Հայհոյութիւն եւն.եւն • եւն. եւն. կայ: Իւր թերթին էջերուն մէջ միշտ կիրքն ու դատողութիւնը մենամարտութեան կ՚ելնեն. կիրքը միշտ յաղթանակը կը տանի եւ ճշմարտութիւնը կը վիրաւորվի: Չեմ հասկնար իւր ոճը, բայց կը խորհիմ թէ կարելի չէ՞ միթէ համոզել մէկն որ երկու անգամ երկու չորս կ՚ընե սւռանց կնքահայրութիւն ընելու եւ աւանակ անունով մկրտելու զայն: Սակայն ես վեր կը դասեմ զինքն միշտ այն քանի մը խմբագիրներէն որ միշտ երկու անգամ երկուք հինգ կը ներկայացնեն վսեմափայլ, բարձրապատիւ ածականներով երբ մէկը հաճի կէս կանգուն քազմիր նուիրել իրենց, վասն զի անվայել ոճով պաշտպանված ճշմարտութիւնը միշտ նախապատիւ է բաճկոնի մը զոհված ճշմարտութենէն: Միայն խմբագրական ասպարէզին մէջ չէ որ Փանոսեան ծառսւյած է ազգին: 1867ին Ազգային հիւանդանոցին ցաւալի կացութիւնն նկատողութեան առնելով ինքզինքը ընտրելի ներկայացուց անոր—ոչ իբրեւ խենդ այլ իբրեւ Տնօրէն—եւ Տնօրէն անուանվեցաւ այդ շէնքին խոստանալով որ կարճ ժամանակի մէջ պիտի բարեկարգէ խենդերուն վիճակը: Խենդերն անպատմելի ուրախութիւն զգացին այս լրոյն վրայ: Փանոսեան տնօրէնութիւնը վրան առնելուն պէս սկսաւ հիւանդանոցին սլատերը բարեկարգել փլցունելով զանոնք եւ քաղաքակրթուէան պահանջումներուն համապատասխան վերստին շինելով: Հիւանդանոցը պարտքի տակ ճընշըվիլ սկսաւ: Հոգ չէ, կ՚ըսէր Փանոսեան, առանց դրամի բարեկարգութիւն անկարելի է. ժողովուրդը միայն ստակ տալու է եւ ուրիշ բանի խառնրվելու չէ: Չափէն աւելի կ՚աշխատէր որ հիւանդներն ու խենդերը աղէկ ուտեն, խմեն եւ պառկին. այս աշիւատութիւնն այնքան արդիւնաւոր եղաւ որ շատ մը անգործ մարդեր խենդ ձեւանալով Փրկիչ մտան եւ հոն . . . պաշտօն վարեցին: Պատրիարքա- րանն Փրկիչին այս կացութիւնը տեսնելով` ստիպվեցաւ Տնօրէնութիւնն առնել Փանոսեանէն որ խոշոր գումար մը պարտք թողլով ծառայեց ազգին:
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/92
Այս էջը սրբագրված է