1866ի ատեններն էր։ Նիկոմիդիոյ կողմերն սովն երեւան ելաւ եւ մեր հարուստներն իրենց ալիւրի շտեմարաններուն եւ ոսկիի սնտուկներուն հարիւր փականք կախեցին: Կեսարացի խմբագիրն ախոյեան կանգնեցաւ սովին եւ առաւօտէ մինչեւ երեկոյ վաճառականներու եւ արհեստաւորներու խանութները թափառելով ձեռները բացաւ, ողորմութիւն մուրաց եւ հաւաքած դրամով ալիւր գնելով ղրկեց սուվալլուկ ազգայիններու. որք եթէ Ազգային ժողովին որոշման սպասէին` անդիի աշխարհին մէջ պիտի տեսնէին ալիւրի երեսը: Որպէս զի աղջիկներն անուս մնալով ազգային դաստիարակութիւնը կաղ չքալէ` 1869ին վարժարան մը բացաւ Սամաթիա Ագապեան անունով որի մէջ ազատ դաստիարակութիվն պիտի առնէին ազգին աջիկները։ Ժողովուրդն իւր քաջալերութիւն չէր զլանար․ գիրք, գրասեղան, դրամ, դաշնակ ամեն բան նուիրվէր իրեն, բայց այսչափ նուէրներով դարձեալ բաւական չըլլալով վարժարանին ծախքերուն հասնիլ, Փանոսեան սկսաւ իւր առաջադէմ աշակերտները Սարըեար տանիլ պարտէզի մը մէջ խաղցնել եւ մէկ ոսկի Օսմանեան մուտք առնելով Ազգային Սահմանադրութեան տարեդարձը կատարել։ Ասով ալ չշատացաւ եւ սկսաւ ամեն տարի մէկ երկու անգամ քոնսէր տալ թատրոններու մէջ։ Ժողովուրդն որ այս տեսակ զարմանալի դաստիարակութիւն ոչ տեսած ունէր եւ ոչ լսած դիտողութիւները Մանզումէի յատուկ լեզուով հերքըվեցան։ Ժողովուրդը դադրեցուց իւր օգնութիւնները եւ Փանոսեան ստիպվեցավ մնալ երեք աշակերտով զորս քոնսէրի կը հանէր ամեն անգամ որ ձեռքը գրպանը կը խօթեր եւ դրամ չէր գտներ հոն: Այնչափ շատ գործ ունէր որ ցերեկր աշխատելով չէր կրնար իւր գործերն ի դլուխ հանել, ուստի գիշեբնևրը արթննալու համար Արիստոտէլի
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/93
Այս էջը սրբագրված է