մեր նախնիք կը գործածէին ել մենք, տասնիններորդ դարու զաւակներ, պարտաւոր չենք նախնեաց նախապաշարումներուն հետեւիլ: Լուսաւորիչ մ՚է. եւ եթէ լեզուն եւ ընթացքը քիչ մը բարեփոխէ՝ շատ ծառայութիւններ կարող է ընել ազգին որ դժբախտաբար կաւիճով պատի վրայ կը գրէ լրագրի բարիքները եւ օրացոյցի մէջ կ՚արձանագրէ անոր թերութիւնները:
Փանոսեան բարեկազմ եւ արագաշարժ մարդ մ՚է: Ունի սեւ աչեր եւ րնքուիներ: Գլուխն ոչ մեծ կը սեպվի եւ ոչ պզտիկ. այդ մեծութեամբ ոչխարի գլուխները երեք ու կէս դահեկանի կրնան գնվիլ այսօր: Լեզուն բաւական մեծ է. բայց դժուարամարս ըլլալուն համար չուտվիր, եւ հետեւապէս բան մը չարժեր այսօր: Ււր դէմքին վրայ գաղափար մը տալու համար կը հարկադրվինք յիշեցունել այն մարդն որ լուր կ՚առնէ թէ վիճակահանութենէ հարիւր հազար ֆրանք շահած է, եւ երբ այդ գումարը պահանջելու համար իւր բաժնետոմսին թիւը կը ներկայացնէ ընկերութեան, պատասխան կը տրվի իրեն:
— Պարոն, շահող թիւր այդ չէ․ լրագիրներր սխալ հրատարակած են: