սկսաւ վազել։ Ահա այսպէս դիպուած ով թալել սորվեցաւ Յարութիւն, եւ այս է ահա պատճառն այն խօսքին որով կ՚ըսեն թէ Յարութիւն էֆէնտի ՄէրեԷմ-Գուլի առանց ստակի քայլ մը չառներ ո՛չ դրասենեակին մէջ եւ ո՛չ հրապարակին վրայ: Ոչ միայն Հաշուագէտ այլ նաեւ տնտեսագէտ ըլլալով' կը պատուիրէր ծնողացն որ իւր վարտիքն ու շապիկն քիչ մը մեծ կտրեն ու ձեւեն որպէս զի քանի մը տարիէն նեղ չի գան եւ կարենայ զանոնք մէկ երկու տարի շարունակ հագնիլ: Մարմինն համեմատօրէն իւր խելքին խիստ ծանր մեծնալուն` յիշեալ ճերմակեղէններն հինգ տարի յաջողեցաւ գործածել: Այս բանը շատերուն զարմանք պատաճառեց եւ մինչեւ անգամ կատակի համար իրարու ըսին. —Դիտմամբ չմեծնար որ նոր ճերմակեղէն շինվելով տնտեսագիտութեան դէմ վարված չըլլայ: 1846ին տրվեցաւ իրեն քերական մը զոր երկու ժամուան մէջ սորվեցաւ: Դասատուն անոր սրամտութիւնը տեսնելով` ընթերցանութեան վրայ թուաբանութեան դասն ալ աւելցուց: Յարութիւն իրեն տրված բոլոր դասերուն մէջ ալ յառաջադէմ գտնվեցաւ . չէր այն աշակերտներէն որք թուաբանութեան մէջ արագոտն են եւ լեզուին մէջ կաղ: Ծնողքն երբեմն անհանգիստ կեցողին մտմտալով որ եթէ այս տղան մեծնայ` ո՛ր ճիւղն ընտրելու է իրեն, վւասւոա- բա՞ն ընելու է թէ վաճառական համարակա՞լ թէ գործակալ, ատենախօ՞ս թէ ժողովական. ամենն ալ, ամենն ալ, կպասխանէր Յարութիւն եւ դասերուն կը պարապէր: Շատ անգամ դաս տալու եղանակն կը սորվեցունէր դասատուին եւ երբեմն ալ անոր սխալները կ՚ուղղէր թուաբանութեան մէջ: Ութը տարեկան էր` թաղին փերեզակին տետրակները կրկնատումարի կը վերածէր: Մինչեւ տասներկու տարեկան տունը դաս առնելէն ետքը 1Տ52ին Պէշիկթաշի վարժարանը գնաց, բայց գոհացուցիչ չգտնելով ճայ նաւակ մը մտաւ եւ Իւսկիւտար անցաւ: Հոն Նոր
Էջ:Hagop Baronian, National Bigshots (Յակոբ Պարոնեան, Ազգային Ջոջեր).djvu/97
Այս էջը սրբագրված է