Թաղի վարժարանը մտաւ որ մինչեւ այսօր ճեմարան անունը կը կրէ ինչպէս ազնուական անունը կը կրէ մէկն որ իւր հօրը բոլոր հարստութիւնը խաղի մէջ՝ առաքինութիւնը պարահանդէսներու մէջ մսխելով իւր ազգատոհմին պատիւը կ’արատէ: Հոն ալ բաւական սնունդ չգտնելով՝ Գում-Գաբու Մայր եկեղեցիին Ուսումնարանը մտաւ, բայց հոն ալ բան մը չգտնելով Պէպէքի Եզուիթներու դպրոցն առաւ իւր շունչն եւ հոն աւարտեց իւր ուսման շրջանը:
Այն թուականին Պօլսոյ բնակիչներն ինքգինքնին վիճակահանութեան տուած էին: Յարութիւն տեսնելով որ ժողովուրդը շատ յարած է վայրկեանի մը մէջ մարդերը հարուստ ընող վիճակահանութեան, առանց իւր պզտիկ խելքին նայելու նստաւ շաբաթ մը խորհեցաւ, ինքնիրմէ նոր տեսակ վիճակահանութիւն մը հնարեց որուն մէջ ամէն թիւերն ալ պիտի շահէին. բոլոր աշխարհ մէկէն ի մէկ հարուստ պիտի ըլլար, աղքատութիւնը երկրիս վրայէն պիտի ջնջվէր, փոխառութիւն բառն բառարաններուն մէջէն պիտի քերթվէր: Հաստատապէս միտքը դրաւ որ գործի մարդ ըլլալուն պէս իւր ծրագիրն ի գործ դնէ, եւ ժողովուրդը հարստացնէ գումարին մեծ մասն իրեն բաժին հանելով: Ափսո՜ս . . . հազար ափսոս որ ուշ մնացած ըլլալուն համար չկրցաւ նպատակին հասնիլ, վասն զի Եւրոպայի վարպետորդի սեղանաւորներն մի եւ նոյն բանն իրմէ առաջ մտածեցին եւ անոր ծրագիրն խանձարուրին մէջ խղդեցին: Յարութիւն բարկացաւ եւ ծրագիրն ծալլելով գրասեղանին տակի գզրոցը թխմեց, որով հարուստ ըլլալէ զրկեց զմեզ եւ թողուց որ խեղճ մահկանացուներս ապրելու համար հազար սուտ խօսինք եւ երկու հազար շողոքորթութիւն ընենք:
1858ին վարժարանէն ելաւ եւ վաճառականի մը քով մտաւ իբրեւ համարակալ: Տետրակներն այնչափ կանոնաւոր կերպով կը բռնէր որ իւր տէրը տեսնալով անոր յաջողակութիւնն վեց ամիսէն վաճառատան Տնօրէն կարգեց զայն: Աստիճանաբար բայց հաստատապէս առաջ երթալն հիմ