Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/110

Այս էջը սրբագրված է

բազմաշատ ու հնատունկ այգիներ արդի սերո՞ւնդ տնկած է. ո՜չ, Նոյ նահապետին հարազատ այգեսէր զաւակներ՝ մեր նախնի Պապիկներ տնկած են եւ մենք այսօր կը վայելեմք, ինչպէս ես մի այգի տնկած եմ, ես մեռնիմ դու պիտի ժառանգես ոխ վայելես՝ է՜, դուցէ յետոյ պարծենաս ու ասես թէ այս այգին ես տնկեցի։

Այժմէն պատուէր կուտամ քեզ, Թոռնիկ, որ ուրիշ ծառատունկներու մշակութեան հետ չմոռանաս նաեւ թթենիի մշակութիւն, որոյ համար շատ նպաստաւոր են մեր գիւղի շրջապատի հողեր, զի թթենիի տունկ աւազախառն հողի մէջ շատ կը յաջողի։ Բայց պէտք է գիտնաս, Թոռնիկ, որ մեր երկրագործութեան սովորական աշխատութիւն շատ բազմազբաղ է: Ուստի դու երբ ծառատնկոց մշակութիւն յառաջ տանիլ կուզես, լաւ է որ բուն հողագործական կամ սերմնացանութեան մշակութիւն, զորօրինակ ցորեն, գարի եւ այլն, չափաւորես, որպէս զի կարենաս ծառատնկոց մշակութիւն աւելի արդիւնաւորել:

Բաւական ընդարձակ խօսեցայ, Թոռնիկ, ծառաստանի մշակութեան մասին, դու գիտես Պապիկդ ծառն ու աղբիւր շատ կը սիրէ: Երբեմն աշխատութեն էն յոգնած կերթամ կը նստիմ մի ծառի հովանեաց տակ. կռնակս ծառի բնին կուտամ կը հանգչիմ, ծերացած եմ, Թոռնիկ, այլ եւս ինձ համար ծերութեան ցուպ եւ յենարան պէտք է: Յակովբ նահապետ իւր մէկ սիրած որդին ցուպ ծերութեան կը կոչէր, ես էլ կասեմ քեզ թէ իմ ծերութեան ցուպն ես, մինչեւ հասնիմ վերջին հանգստարան։


ԺԸ.

ԳԻՒՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԻ

ՏՈԻՆ ԵԻ ԿԵԱՆՔԸ

Սիրելի Թոռնիկ, դու կարդացեր ես Աստուածաշունչ, եւ գիտես որ հին-հին նահապետներ հաստատ տուն եւ բնակարան