որ կը զարմանայ մարդկային իմաստութիւն։
Այո՛, Թոռնիկ, բանաւոր մարդիկ չքոտի անբաններէն կուսանին շատ բան. այդ ի բնութենէ արուեստաւորներ մեզ վարդապետ կը լինին, կը տեսնա՞ս այն չարաճճի սարդ, որ կռուան անելով պատին անկիւն՝ անդադար կը ճգնի, բարակաման թելեր կը հանէ իւր բերնէն եւ ուռկան կը հիւսէ, ճանճեր բռնելու համար, աստի մարդիկ սորվեցան ոստայնանկութեան կամ կտաւագործութեան արուեստ։ Միթէ սոխակի դայլայլիկէն եւ այլ քաղցրախօս թռչուններուն ձայնէն, ծովու մռնչող ալիքներէն, ջրերու հոսանաց ձայնէն, անտառներու համաշունչ սօսափէն, բան մի աստի, բան մի անտի առնելով՝ երգահան մարդիկ չխմբագրեցի՞ն երաժշտութեան այնչափ հիանալի եղանակներ եւ դասեր։
Է՜, Թոռնիկ, դարձեալ մոլորեցաւ Պապիկդ, թողլով մեր դասին բնական կարգ, քննել կուզէ թէ մարդիկ ուստի՞ սորվեցան տուն շինել, երգել եւ այլն, դառնանք գիւղական տնակներ։
Գիտես, Թոռնիկ, ամէն մի կարգ ժողովուրդ իւր զարգացման համեմատ կապրի աշխարհիս վերայ։ Քաղաքացի ժողովուրդ, որ մեղմէ աւելի զարգացած է եւ զարգանալով ճաշակ բացուած է, գիտէ թէ ինչպէս պէտք է բարեկեցիկ կեանք վայելել, ուստի իւր ճաշակին համեմատ չափով կը շինէ։
Իսկ դիպական ժողովուրդ, որ զարգացումն չունի, ճաշակ փակուած է, նորա համար բաւ եւ շատ են իւր տնակներ։ Բայց միթէ այնքան բթացա՞ծ է շինական ժողովուրդին ճաշակ, որ նա չէ կարող գոնէ մի փոքր ինչ իւր տնակներ կանոնաւորութեամբ շինել, բայց տես դու՝ թէ նա ինձ կը պատասխանէ, այո, ես էլ մարդ եմ, փոքր ի շատէ ճաշակ ունիմ, կը տեսնամ քաղաքացւոց գեղեցիկ տներ, հոգիս չուզե՞ր որ ես էլ գեղեցիկ տուն ունենամ. այլ երբ կը մտածեմ թէ աղքատ եմ, պարտապան եւ աղքատին համար խրճիթ շատ է եւ այլն։ Իսկ հարուստ տանուտէր խելացի տնտեսութեամբ կը մտածէ, եթէ ընդարձակեմ տունս, հիւրեր կը շատնան, ծախքերս կրկնապատիկ կը լինին եւ այլն: Շինական տանուտէրոջ այս առարկութիւն իրաւացի է. բայց կայ դարձեալ հիմնական պատճառ, ինչպէս որ վերը բացատրեցի, աղքատութեամբ հանդերձ գիւղական ժողովուրդ տգէտ եւ անճաշակ է, վասն զի կան այնպիսի թեթեւ կարգադրելի բաներ, որ երբէք ծախս չեն պահանջեր, այլ միայն