Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/121

Այս էջը սրբագրված է

Չասե՞ս ուրեմն, Թոռնիկ, այլ եւս ի՞նչ պէտք է մեզ աշխատաթիւն, վաստակ, նստինք այդ պատրաստուած սեղանին վերայ եւ ճաշակեմք։

Այդ շատ սխալ դատողութիւն է. դու կարծեցիր որ մեր տանտիկնոջ եփած թանապուր եւ ճա՞շն է այդ սեղան, որ դգալն առնելով նստինք ուտենք։ Ո՛չ, բազում ջանք, բազում վաստակ, բազում տքնութիւն եւ ճղնութիւն պէտք է, որ մենք կարենամք Եւրոպային պատրաստած սեղանին հացն ուտել. զի այդ հացը՝ դպրոցի անդաստանին մէջ կը մշակուին։ Դու ի՞նչ կասես, Թոռնիկ, չվարենք, չցանենք, չդարմանենք, չհնձենք, շկալսենք, ցորեն չաղանք, ալիւր չշաղղենք, թոնիր չվառենք, հաց չթխենք, առանց այսչափ քրտնաթափ աշխատութեան՝ նստինք այնպէս դիւրութեամբ ու հանգիստ հա՞ց ուտինք։ Դու լսեր ես Աւետարանէն, որ ճնճղուկներ առանց վարելոյ, վաստակելոյ կը կերակրուին։ Է՜, ապո՛ւշ Թոռնիկ, դու երբէք չե՞ս նկատեր ճնճղկան աշխատութիւն, այդ նկուն թռչնիկ միթէ իւր չափով ճղնութիւն չունի՞. չե՞ս տեսնար, որ նա իւր սերունդ պահպանելու համար հազար անգամ կերթայ կը դառնայ շղիկներ բերելով իւր բոյն կը շինէ, ձու կածէ, ձագեր կը հանէ, անդադար կերթայ կուգայ, փոքրիկ որդեր գտնելով՝ ձագերուն կը բերէ, մինչեւ թելիկներ բուսնին, դու տես էն ժամանակ թէ որչա՞փ կաշխատի կրթութիւն տալ իւր ձագերուն, որ թռչտիլ սորվին։

Կը տեսնա՞ս, Թոռնիկ, բնութեան մէջ բան մի չիկայ, որ չաշխատիր, թռչուն, անասուն, սողուն, ինչ որ կենդանի եւ շարժուն է, կաշխատի իւր կեանք պահպանել, թող ցամաքային կենդանիներ, ծովու ձկներ եւ բիւր տեսակ լողական կենդանիներ այդ ծովային աշխարհին մէջ կաշխատին ու կը տքնին դարձեալ իրենց կեանք պահպանելու։

Տիեզերքի մէջ անխօսուն կենդանիներ ի բնութենէ մի անգամ սորված են, ստեղծող Աստուած իւր արարչագործութեան դպրոց էն այնպէս դուրս հանեց, որ այդ անբան կենդանիներ առանց ուսնելու եւ կրթուելու կարենան իրենց կերակուր ճարել ու ապրել։

Բայց մարդ՝ որ բանաւոր կենդանի ստեղծուած, եւ կիշխէ բոլոր կենդանեաց վերայ, նա առանց դպրոցի, առանց կրթութեան կարող չէ իւր հաց հայթայթել։ Թէպէտ մեր աշխարհի